image

Իսրայէլ-Ռուսաստան բանակցութիւնները տապալուեցան. Իրանեան ուժեր պիտի շարունակեն Սուրիա մնալ

Իսրայէլ-Ռուսաստան բանակցութիւնները տապալուեցան. Իրանեան ուժեր պիտի շարունակեն Սուրիա մնալ

Երուսաղէմի մէջ կայացած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ռուսիոյ գլխաւոր շտաբի պետ Վալերի Կերասիմովի հանդիպումը Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահուի հետ, կը գրէ «Ալ Մայատին» լրատուական կայքը:

Հանդիպման ժամանակ գլխաւորապէս քննարկուած է Սուրիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ տիրող իրավիճակն ու Պաղեստինեան հարցը:

Կայքին փոխանցմամբ, Սուրիոյ մէջ իրանեան ուժերու գոյութեան շուրջ Լաւրով-Նաթանիահու հանդիպումն անյաջող աւարտ ունեցած է, որովհետեւ վերջիններս ոչ մէկ համաձայնութեան կրցած են գալ նշոած հարցին շուրջ:

Փոխանցուած լուրերուն համաձայն,իսրայէլեան կողմը պահանջած է Սուրիոյ սահմանէն հեռացնել իրանեան հեռահար հրթիռներն ու հրթիռներ արտադրող գործարանները փակել տալ, ինչպէս նաեւ փակել Սուրիա-Լիբանան եւ Սուրիա-Իրաք սահմանային անցքերը, արգիլելու համար իրանեան զինամթերքի տեղափոխումը:

Ռուսական կողմը խոստացած է 100քմ լայնքով սահմանային անվտանգութեան գօտի հիմնել Սուրիոյ հարաւը, սակայն Իսրայէլ ոչ բաարար համարած է այն:

Նշուած է նաեւ, որ ռուսական կողմը առաջարկած է իրանեան ուժերը Կոլանէն 100քմ հեռաւորութեան վրայ պահել, սակայն այդ առաջարկը նոյնպէս մերժում ստացած է իսրայէլեան կողմէն: