Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, որ մերժած է տալ իր անունը յայտարարած է, որ Իսրայէլ պատրաստ է հարուածել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի նստավայր ՝ «Քասըր ալ մուհաժիրին»ը: Պատասխանատուն, որուն յայտարարութեան մասին տեղեկութիւն փոխանցած է «Ճէրուզալէմ փոսթ»ը նաեւ յայտնած է, որ Իսրայէլ ամէն քայլի պիտի դիմէ քայքայելու համար Սուրիոյ մէջ Իրանի զինուորական ներկայութեան ամրացման բոլոր փորձերը: Պատասխանատուն նաեւ ըսած է, որ իրենք նոյնպէսվ պատգամ կը յղեն Մոսկուային, յայտարարելով, որ եթէ Ռուսաստան Սոււրիոյ մէջ Իրանի ներկայութեան հարցով սպասուած արձագանքը չունենայ, ապա իրենք պատրաստ են Սուրիոյ մէջ առկայ հրադադարը հիմնովին չեղարկել: Յիշեցնենք, որ անցնող շաբաթներուն իսրայէլացի մէկէ աւելի բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ մեկնած էին Ուաշինկթըն քննարկելու համար Սուրիոյ մէջ իրանեան ներկայութեան հարցը:
Վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահու, իր կարգին մեկնած էր Սոչի նախագահ Փութինի հետ սուրիական թեման քննարկելու նպատակով:
«Արեւելք», Only Lebanon