Մոսատի նախագահի նախկին տեղակալ Ալիզա Մակին հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցած է հետախուզական ծառայութեան գաղտնի գործունէութեան մասին:
«Իսրայէլեան աղբիւր» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Ալիզա Մակին Մոսատի կազմին գործունէութիւն ծաւալած կիներէն միակն է, որ նման բարձր պաշտօն զբաղեցուցած է:
Աղբիւրին համաձայն, Մոսատի հիմնադրման օրէն իսկ կիներ տարբեր պաշտօններ ստանձնած են անոր կազմին մէջ, մասնակից դառնալով անգամ ծառայութեան վերագրուող սպանութեան գործողութիւններէն շատերուն:
Ալիզա ներկայիս թոշակառու է, օրուան մեծ մասը կոլֆ խաղալով, ծովափ այցելելով կամ ընտանիքի անդամներուն հետ կ'անցընէ, սակայն անցեալին Մոսատի կազմին բաւական բուռն գործունէութիւն ծաւալած է, մսնակից դառնալով մեծ թիւով յատուկ գործողութիւններու:
Ալիզա առաջին անգամ որպէս Մոսատի գործակալ պարտականութիւն ստանձնած է, երբ Աւստրիա մեկնելով փորձած է գերմանացի գիտնական մը ներգրաւել որպէս Մոսատի գործակալ: Վերջինս նախագահ Ճամալ Ապտ Ալ Նասէրի օրօք Եգիպտոսի մէջ հրթիռաշինութեամբ զբաղած գիտնականներու շարքին էր, որոնց զարգացուցած հրթիռները մեծ սպառնալիք էին Իսրայէլի համար:
Այդ օրերուն Ալիզա 24 տարեկան էր, եւ յաջողութեամբ կատարեց իրեն վստահուած գործը:
Նշուած դէպքէն ետք Ալիզա մշտապէս մասնակցած է Մոսատի կազմակերպած գործողութիւններուն, մանաւանդ արտերկրի մէջ իրագործուած սպանութիւնները, որոնց մասին նախընտրած է լուռ մնալ:
Իր հետ հեռուստազրոյցի ժամանակ Ալիզա մանրամասներ ներկայացուցած է Մոսատի կազմի համալրման գործողութիւններու իրականացման մասին, նշելով, որ ամէնէն տարածուած ձեւը ընկերոջ մը միջոցով անձը ներգրաւելն է: Նոյն ձեւով ծնողները կը ներգրաւեն իրենց զաւակները կան ազգականները: Ալիզայի խօսքով, նախ կ'որոշուի թիրախ անձը, այնուհետեւ զինք ներգրաւելու պարտականութիւնը կը վստահուի Մոսատի գործակալներէն մէկուն, որ իր հերթին կը սկսի պրպտումներ իրականացնել, թիրախին հասնելու եւ սիրաշահելու ուղղութեամբ:
Մոսատի գործակալներու ընտրութեան գործընթացը, ըստ Ալիզայի, բաւական խիստ է: Շատ յաճախ 100 թեկնածուներէն միայն մէկը կ'ընտրուի: Թեկնածուն պէտք է օժտուած ըլայ ուժեղ անհատականութեամբ, ապագայի յստակ հեռանկար, դերասանական կարողութիւն եւ խաբելու ընդունակութիւն ունենայ: