image

Իսրայէլ «Երկաթեայ գմբէթ» համակարգեր վաճառած է Պաքուին

Իսրայէլ «Երկաթեայ գմբէթ» համակարգեր վաճառած է Պաքուին

Իսրայէլի պետական  ռատիոն  այսօր  տեղեկութիւն տարածած է Թէլ Աւիւի՝ Պաքուին «Երկաթեայ պատեան» վաճառելու մասին վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւնը: Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ  խոր գոհունակութիւն յայտնած է երկու պետութիւններուն միջեւ կնքուած  համաձայնութեան  մասին:

Նշենք, որ նոյն տեղեկութեան մասին ակնարկած է Ազրպէյճանի  ճարտարարուեստի նախարար Եաուր Ճամալով:

 Իր կարգին իսրայէլեան «Հաարէթց» պարբերականին փոխանցմամբ Թէլ Աւիւի համար կնքուած պայմանագիրը մեծ յաջողութիւն պէտք է համարել  տրուած ըլլալով, որ իսրայէլեան բանակին կողմէ օգտագործման դրուած «երկաթեայ պատեան»-ը նիւթական  «մեծ  բեռ» եղած է բանակի  պիւտճէյին վրայ  եւ անցնող երկու պատերազմներու ընթացքին ալ (Լիբանանի եւ Կազայի պատերազմներ) ի յայտ եկած  է  անոր անարդիւնաւէտ համակարգ մը ըլլալու մասին եղելութիւնը: