Իսրայէլի պետական ռատիոն այսօր տեղեկութիւն տարածած է Թէլ Աւիւի՝ Պաքուին «Երկաթեայ պատեան» վաճառելու մասին վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւնը: Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ խոր գոհունակութիւն յայտնած է երկու պետութիւններուն միջեւ կնքուած համաձայնութեան մասին:
Նշենք, որ նոյն տեղեկութեան մասին ակնարկած է Ազրպէյճանի ճարտարարուեստի նախարար Եաուր Ճամալով:
Իր կարգին իսրայէլեան «Հաարէթց» պարբերականին փոխանցմամբ Թէլ Աւիւի համար կնքուած պայմանագիրը մեծ յաջողութիւն պէտք է համարել տրուած ըլլալով, որ իսրայէլեան բանակին կողմէ օգտագործման դրուած «երկաթեայ պատեան»-ը նիւթական «մեծ բեռ» եղած է բանակի պիւտճէյին վրայ եւ անցնող երկու պատերազմներու ընթացքին ալ (Լիբանանի եւ Կազայի պատերազմներ) ի յայտ եկած է անոր անարդիւնաւէտ համակարգ մը ըլլալու մասին եղելութիւնը: