«Իսլամական պետութիւն»-ը (ԻՊ) ստանձնած է Լոնտոնի մէջ երէկ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան պատասխանատուութիւնը: Այդ մասին հաղորդած է Ռոյթըրս-ը:
Յիշեցնենք, որ ահաբեկչական գործողութիւնը տեղի ունեցած է նախօրէին, Լոնտոնի ամենայայտնի զբօսաշրջային վայրի՝ Ուեսթմինիսթրեան կամուրջի վրայ:
Նմենք, որ երէկ, Լոնտոնի մէջ, խորհրդարանի շէնքի մօտ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան զոհերու թիւը հասած է 5-ի՝ ներառեալ ահաբեկիչը, իսկ վիրաւորներու թիւը՝ 40-ի: