image
Հրատապ լուրեր:

Իշխանութիւնները կը միտին բանակցութիւնները խզելու. Ալեք Ենիգոմշեան

Իշխանութիւնները  կը միտին բանակցութիւնները խզելու. Ալեք  Ենիգոմշեան

«Եթէ մինչեւ կէս ժամ այս իրավիճակը չփոխուի, ապա կ'ենթադրեմ, որ իշխանութիւնները  կը միտին ընթացող բանակցութիւնները խզել»,- քիչ առաջ այսպէս  յայտարարեց Ալեք Ենիգոմշեան:  Ենիգոմշեան, որ լրագրողներուն  հետ կը խօսէր Էրէբունի ՊՊԾ կեդրոնի հարեւանութեամբ գտնուող Խորեանցի փողոցին վրայ նաեւ ըսաւ, որ եթե մինչեւ կէս ժամ «Սասնայ ծռեր» ջոկատի   տղոց   հետ  հեռախօսային կապը չվերահաստատուի, ապա  հասկնալի կը դառնայ, որ իշխանութիւնները մտադիր են խզել ընթացող բանակցութիւնները:  «Նախախորհրդարան»ի ներկայացուցիչը նաեւ ըսաւ, որ  մինչեւ երէկ  գիշեր բանակցութիւնները   կ'ընթանային   եւ   իրավիճակը  չէր գտնուէր փապուղիի  մէջ:  «Ես այսօր երեկոյեան ժամը  7:00-ին իշխանութիւններէն պատասխան մը պիտի ստանայի եւ փոխանցէի «Սասնայ ծռեր» ջոկատի տղոց»,- ըսաւ Ենիգոմշեան յայտնելով նաեւ, որ ջոկատի   տղաքը    աւելի վաղ, իր  միջոցաւ խնդրի հանգուցալուծման վերաբերեալ առաջարկ մը  ներկայացուցած էին իշխանութիւններուն:   Ան,  խօսելով  խնդրին զինուորական լուծում      գտնելու  կամ  հաւանական գրոհի մը մասին  ըսաւ, որ «այդպիսի  պարագային դէպքերու ամբողջ պատասխանատութիւնը ես կը դնեմ գործող   իշխանութիւններու ուսերուն, ու  մտավախութիւններ ունիմ, որ դէպքերը կրնան աւարտիլ ողբերգական ելքով»: Յիշեցնենք, որ  կիրակի առաւօտ «Սասնայ ծռեր» անունով   հանրութեան ներկայացող զինեալներու խումբ մը    յարձակում իրականացուցած էր  Էրէբունի շրջանի  պահակային ծառայութեան զօրանոցին վրայ եւ պատանդ  առած   հոն գտնուող  ոստիկանները: Ներկայիս  պատանդի կարգավիճակի մէջ կը պահուին 5   ոստիկաններ: