Պահրէյն- («Quds Al-Arabi »)- Իրանի «Յեղափոխութեան պահակախումբ»ին ենթակայ՝ «Ալ-Քուտս» ջոկատի հրամանատար զօրավար Քասէմ Սուլայմանին երկուշաբթի օր յայտարարած է, թէ Շէյխ Քասէմի հասցէին որեւէ վարկաբեկման պարագային «կրակ պիտի բանայ Պահրէյնի եւ տարածաշրջանին մէջ»: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Քուտս Ալ-Արապին», նշելով, որ Սուլայմանիի խօսքը կը վերաբերի շիիթ հոգեւորական շէյխ Իսա Քասէմին, որմէ երէկ Պահրէյնի իշխանութիւնները վերցուցած են քաղաքացիութիւնը:
Այս կապակցութեամբ զօրավար Սուլայմանին յայտարարութեամբ մը հանդս եկած է, ըսելով՝ «Պահրէյնի իսլամ եւ ճնշուած ժողովուրդը, Ալ-Խալիֆա ռէժիմ կողմէ, երկար տարիներէ ի վեր կ'ենթարկուի ամէն տեսակի անարդարութեանց, խտրականութեան, ստորացման եւ բռնութեան»: Սուլայմանի յայտարարութեան մէջ նաեւ զգուշացուցած է Պահրէյնի ռէժիմին, ըսելով, որ «Շէյխ Քասէմի հասցէին որեւէ վիրաւորանք կամ անարգալից վերաբերմունք դրսեւորուելու պարագային ռէժիմի տապալումը Պահրէյնի մէջ պիտի ըլլայ անոր նուազագոյն հետեւանքներէն մէկը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ զինեալ դիմադրութիւնը»: