image

Իրանեան մարտանաւ մը սխալմամբ խոցուած է. Կան կորուստներ

Իրանեան մարտանաւ մը  սխալմամբ  խոցուած է. Կան կորուստներ

 

Պարսից Ծոցի  մէջ ընթացող  ռազմափորձերու ընթացքին  իրանեան  ծովուժը համալրող   մարտանաւերու   միջեւ   միջադէպ մը գրանցուած է։

 

 Այս  մասին տեղեկութիւնը   տրուած է «Ալ Ալամ»  կայքը, նշելով նաեւ որ իրանեան «Ճամարան»   մարտանաւը

սխալմամբ  հարուածած ու խոցած է     ծովուժի    մաս կազմող աւելի փոքր  չափի   «Գնարք»   

մարտանաւը։

   Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ  դէպքը   տեղի  ունեցած է   Պարսից Ծոցի  Ճասք  շրջանին  ափերուն եւ ըստ աղբիւրին    միջադէպին հետեւանքով  զոհուած է մէկ նաւաստի։ Ի դէպ    նոյն  լուրին անդրադառնալով  BBC-ին  նշած է, որ միջադէպին հետեւանքով   իրանեան  ծովուժի տասնեակ  նաւաստիներ զոհուած են

 Դէպքին  վերաբերեալ  իրանեան  պաշտօնական  աղբիւրներ, ոչ մէկ  տեղեկութիւն   կը հաղորդեն։