image

Ինչ Ծրագիրներ Քննարկեցին Խամէնիյի Եւ Փութին Թեհրանի Մէջ/Սագօ Արեան

Ինչ  Ծրագիրներ Քննարկեցին  Խամէնիյի Եւ  Փութին  Թեհրանի Մէջ/Սագօ  Արեան

Ութ տարի առաջ  իր  կատարած այցելութիւնէն  ետք  Ռուսիոյ  նախագահ Վլատիմիր Փութին   Թեհրան ժամանելով       կայացնէր  կարեւորագոյն հանդիպումներ  Իրանի Իսլամական հանարպետութեան նախագահ Շէյխ Հասան Ռոհանիի եւ   Իսլամական հանրապետութեան  գերագոյն հոգեւոր  առաջնորդ Ալի Խամէնիյիին հետ:

  Ռազմավարական առումով Փութինի   կատարած այս այցը  կարեւոր էր  մէկէ աւելի առումներով մանաւանդ, որ    տարբեր աղբիւրներ  սկսած էին խօսիլ   երկու   դաշնակիցներու     ունեցած  բացայայտ   տարակարծութեանց  մասին  կապուած  սուրիական   տագնապին:

   Երկու  դաշնակիցներու  ունեցած   տարբեր մօտեցումներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ  կը  փոխանցէ «Ալ Արապիյա»  կայանը, որուն համաձայն    Սուրիոյ նախագահին իշխանութեան  վրայ  մնալու խնդիրը   Իրանի համար կը  մնայ   առաջնային մինչ ռուսական կեցուածքներուն մէջ որոշ  երերում կայ: Կարելի չէ  հաստատել , որ ռուսական կողմին համար Ասատի  ճակատագիրը    երկրորդական  հարց  մըն  է    այլ պէտք է  ըմբռնել, որ Մոսկուայի համար  ներկայ հանգրուանին կարեւորը  Սուրիոյ տագնապին քաղաքական  լուծումներ   գտնելու   գործընթացներու  ճանապարհ բանալն է:  Պէտք չէ մօռնալ նաեւ, որ ռուսական   միջմիտութիւնը Սուրիոյ մէջ կը բոլորէ իր   երկրորդ ամիսը եւ  ժամանակի      ազդակը  շատ կարեւոր է    Մոսկուայի  համար:  Փութին քաջ  գիտէ, որ Սուրիոյ մէջ իր սկսած   զինուորական միջամտութիւնը  յաւիտենական միջմատութիւն մը չէ   եւ նոյն առումով  հակառակ անոր, որ ռուսական ուժերը   գետնի վրայ փայլուն   յառաջախացք կը գրանցնեն  քիչ   այն վերլուծաբանները,  որ կը շեշտեն, թէ   ժամանակի   զինուորական  միջմատութեան երկարատեւ ըլլալը կրնայ  ծանր հետեւանքներ ունենալ ռուսական ուժերուն   համար:  

Այստեղ պէտք  չէ մտքահան ընել այն տուեալը, որ   իսլմաիստ խմբաւորումներուն  համար ամէնէն հզօր զէնքը անձասպանական  գործողութիւններ  ընելու  մեթոտն է:   Զէնք մը,  որուն դիմաց     ռուսական կողմը կրնայ ձեռնածալ մանալ եւ  յայտնուիլ բաւական        դժուար  վիճակի մը մէջ:

 

   Բացի ասկէ   կարեւոր է նաեւ  որ Վլատմիր Փութին       մտադրած է մինչեւ վերջ լսել  իր իրանցի  հաւատարիմ դաշնակիցին մտահոգութիւնը:     Այդ  մտահոգութիւնները, որ  կը վերաբերին    մասնաւորապէս  Ասատի ճակատագրին, Իրանին   կորիզային նեցուկ ցոյց տալուն  եւ   ռուսական   SS-300  համակարգերու  փոխանցմսն  գործընթացնրուն  հետ:

 2007-ին   Կատարուած  այցէն ետք ուրեմն Փութին  եկած էր      բացատրելու, որ     Թեհրան – Մոսկուա   յարաբերութիւնները անդրդուելի են  իսկ ինչ կը վերաբերի    սուրիական տագնապին  բնական է, որ Փութին մինչեւ ծայր պիտի ուզէր լսել  իրանցի  պատասխանատուներուն մտավախութիւնները:

 

   Իսրայէլեան «Ճէրուզալէմ Փոսթ»ը   այս  այցին մասին կարճ     վերլուծական  մը հրապարակելով նաեւ կը յիշեցնէ, որ   Իրան    մեծ  խանդավառութեամբ չէ ընդունած    Ռուսիա  բացայայտ միջմատութիւնները Սուրիոյ մէջ:   Այսինքն  Թեհրան  մտահոգ   է, ոչ միայն Ասատի  ճակատագրով այլ մտահոգ  է, որովհետեւ  լաւ կը հասկնայ, որ  Մոսկուայի համար  սուրիական զօրքին    կարեւոր դեր  մը   տալու   հանգամանքը այդքան  ալ  դրական  չէ  այն իմաստով, որ  Իրան  Սուրիոյ   տագնապի լուծման ճանապարհին   այդքան ալ մեծ դեր չուզէր տալ սուրիական բանակին:

 Սուրիոյ բանակին   շարունակականութեան  ապահովումը նաեւ կը  յիշեցնէ, որ Ռուսիոյ դերը անփոխարինելի է որովհետեւ սուրիական բանակին գերակայութիւնը եւ ամրութիւնը ձեւով մը խորհրդային  համակարգի  ու մտածելակերպին    շարունակութիւնն է:

   Ասկէ զատ      տարբեր առիթներով  խօսուած է    Շիիթ  «Հըզպալլա»ի եւ սուրիական բանակին միչեւ առկայ տարակարծութեանց  մասին:    Վէճերու առկայութիւնը որոշ գաղափարական տարբերութեան       արդիւնք է մանաւանդ,  որ   կրօնական ըմբռնումներով    առաջնորդուող «Հըզպալլա»ն   շատ     սուրիական բանակի  մտայնութեամբ չի գործեր: Այդ տարբերութիւնները կրնան սրիլ այնքան ժամանակ, որ պատերազմը   կ'երկարի եւ       երկրին մէջ կռուող  երկու կողմերէն իւրաքնաչիւրը կուզէ իրը դարձնել  տարուած  յաղթանակը:

Այս բբոլոր խնդիրներուն կարգաւորման  համար է, որ Փութին   Թեհրան ժամանեց ու  հակառակ անոր,  որ անոր այցելութեան  նախնական արդիւնքները   երեւան չեն եկած պարզ ու  յստակ է, որ    Ռուսիոյ   ղեկավարին համար առաջնային նպատակը եղած է կանխել  այն տարակարծութիւնները,  որոնք կրնան աճիլ հակամարտութեան  կարգաւորման առաջին   քայլերուն հետ:

Տարբեր վերլուծողներ ոչ  միայն  կարեւոր այլ նաեւ պատմական  համարեցին  Փութին-  Խամէնիյի հանդիպումը: Շեշտակիօրէն գաղափարական հիմքով եղած   Իրանի հոգեւոր առաջնորդին  ըրած յայտարարութիւնները կ'ամրացնեն  երկու   կարեւոր ուժերուն   խորքային յարաբերութիւնները: Այսւէս Փութինին  համար շատ աւելի       «հաճելի է» Միացեալ Նահանգներու մասին  եղած  վատ վերագրումները  լսել  Ալի Խմաէնիյիի  բերանէն քան, թէ   իր  կողմէ  բարձաձայնուած դիտարկումները:

 

Կայ  նաեւ Սուրիոյ տագնապին առնչուող  երկիրներու   խնդիրը ու  Փութին իր  ըրած այցով մասնաւորապէս    Րիատին, Անգարային  եւ Քաթարին կ'ուզէ յիշեցնել, որ  իրենց   համար  դաշնակիցներու հետ  հարցեր քննարկելու երեւոյթը ընդունուած  ձեւաչափ է  ի հեճուկս  Միացեալ Նահանգներուն,   որ  անորոշութեան  գիրկը նետած է իր    կարեւորագոյն  դաշնակիցները տարածաշրջանին մէջ:

 

 Այ բոլորով հանդերձ   Ռուսիոյ ունենալիք    դերակատարութեան մասին մտածելով  շատ ակնայայտ է,  որ Ռուսիա  այս քայլին պիտի չդիմէր առանց ապահովելու  արեւմուտքի ամբողջական      նեցուկն ու համաձայնութիւնը:

    Գետնի վրայ ընթացող ռուսական յառաջխաղացքը կարեւոր  ձեւով  կ'ամրագրէ   անոր դերին    հատու  եւ վճռորոշ ըլլալու հանգամանքը հակառակ անոր,  որ ռուսական շահերուն դէմ կատարուած  երկու ահաբեկչական գրոհները  (Եգիպտոս եւ Սուտան)    եւ Փարիզի մէջ եղած ծանրակշիռ ահաբեկչութիւնը կը փորձեն  իր հունէն  շեղել    տաք ջուրեր հասած հիւսիսի   մեծագոյն  խաղացողը:

 Բնական է, որ   Արեւմուտքի համար ռուսական    գրանցուած  յաղթանակները    հաշտ աչքով պիտի  դիտուին: Այսինքն արեւմուտքը պիտի նախընտրէ          ռուսական սահմանեալ դեր մը եւ պիտի չուզէ,  որ Մոսկուա      Միջին Արեւելքի     կարգաւորման ընդհանուր փաթեթը իր ձեռքերուն մէջ պահէ:

Ինչ  կը վերաբերի սուրիական հողերուն վրայ    վար առնուած ռուսական «Սուխոյ-24»-ի   պատահարին մասին : Սակայն   երեւելի է , որ այդ դէպքը կրնայ   նոր ճանապարհներ բանալ    Մոսկուայի եւ  Անգարայի համար, որոնք   իրենց յարաբերութիւններու զէրօ կէտ  հասնելէն ետք  վստահաբար  պիտի խորհին միասնաբար    սուրիական թնճուկին համար   կարեւոր  լուծումներ որոնել:

 Սխալ է այն ենթադրութիւնը, որ   Թուրքիա  եւ  Ռուսիա կրնան համատարած բախումներու երթալ     բայց սպասելի է նաեւ, որ առկայ անհամաձայնութիւնը, որ  աճեցաւ Ասատի  ճակատագրին  շուրջ   երկու կողմերուն ունեցած   տարբեր  դիրքորոշումներէն  կրնայ իր  զինուորական  րիֆլքէքսները ունենալ  սուրիական հողերուն վրայ:

 

 

 Միով   բանիւ յստակ է, որ  Թեհրանի  մէջ  կատարուած  վերանորոգչական համաձայնութեան ընդհանուր հունէն ետք Մոսկուա   քաղաքական նոր առաջադրանքներ ունի: Այս խօսքին լաագոյն  ցուցանիշը Փութինի դէպի  Ամման տուած այցն է, որ տեղի ունեցաւ Թեհրան իր այցելութիւնէն  օրեր անց:

 

  Ռուսիոյ թիւ մէկ պատասխանատուն  կը պատրաստուի ճեղքել Սիւննի   կարծր կեցուածքներու  «պատ»ը  եւ այդ   առումով առաջ երթալու լաւագոյն   միջոցներէն մին       Յորդանանի   Ապտալլա  Բ.ն թագաւորին հետ համագործակցութիւնն է: 

 Ամմանի   հետ  համագործակցութեամբ  կարելի  պիտի ըլլայ Սուրիոյ  մէջ կռուող  եւ այդ կողմէն     նեցուկ  ստացող    ահաբեկիչները     խեղդել իրենց  սաղմին մէջ:  Ու այդ  համագործակցութեամբ   կարեւոր պատգամներ պիտի յղուին Րիատին ու  Քաթարին:    Թուրքիան  բաւական կարծր    արարքով  հանդէս եկաւ ու   վերջին  զարգացումներուն   հետ  երկու երկիրներու միջեւ   յարաբերութիւնները մեծ վնասներ  կրնան կրել: 

Բրակմաթիք քաղաքական        անկիւնադարձներով հարուստ այս ժամանականշրջանին դժուար չէ , որ  Անգարա եւ Մոսկուա  վերակարգաւորեն իրնց    կապերը պայմանաւ, որ Անգարա    պատրաստ ըլլայ   որոշ զիջումներ  ընել Սուրիոյ տագնապին  առընթեր   եւ  փորձէ կարդալ Մոսկուայի   պատրաստած  ընդհանուր փաթեթին  օրակարգերը:

 Վերադառնալով Փութինի   Թեհրան տուած   այցին ու բացատրելով ընդհանուր դրութիւնը   պարզ կը դառնայ,  որ Մոսկուա  Թեհրանը  գոհացնելու մեծ ճիգի մը մէջ է, որովհետեւ սուրիական գետինը  Դամասկոսէն Հալէպ Լաթաքիա եւ   Թարթուս ոչ միայն ռուսական խարիսխներու ընդանուր   հսկողութեան տակ է այլ նաեւ  սուրիոյ  քաղաքական ճակատագիրը կը գտնուի   Գրէմլինի բանալինիները  ունեցող Վլատիմիր Փութինին  ձեռքը:

 

 Սագօ  Արեան

«Ժամանակ» Պոլիս

 28.11.2015