Նշենք, որ երեկոն տեղի ունեցած է բարձր հովանաւորութեամբ Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերմ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանին, որ կարեւոր ճիգեր կը գործադրէ Եգիպտոսի մէջ ոչ միայն հոգեւոր կեանքը ապահովելու, այլ միեւնոյն ժամանակ հայկական մշակոյթն ու ինքնութիւնը ուշադրութեան կեդրոն դարձնելու տեսակէտէն։
Հայ ինքնութեան եւ լեզուի պահպանման նուիրուած այս երեկոն, որ տեղի ունեցաւ Գահիրէի մէջ, դարձաւ ո՛չ միայն գիրքի շնորհանդէս, այլեւ խորքային մտորում՝ սփիւռքահայութեան գոյութեան, ինքնութեան եւ ապագայի շուրջ։ Ձեռնարկը համախմբեց մտաւորականներ, մշակութային գործիչներ եւ համայնքի անդամներ՝ շեշտելու համար, որ հայ ըլլալը այսօր պարզ ժառանգութիւն մը չէ, այլ՝ գիտակցուած ընտրութիւն, որ կը պահանջէ հետեւողական ջանք եւ հաւատարմութիւն։
Երեկոյի ընթացքին հնչած խօսքերը յստակօրէն ընդգծեցին, որ մայրենի լեզուն մեր ինքնութեան առանցքն է, իսկ անոր պահպանումը՝ հրամայական։ Բանախօսները ահազանգեցին համաշխարհայնացման բերած ձուլման վտանգներուն մասին, բայց միաժամանակ փոխանցեցին յոյս եւ վստահութիւն, որ կամքի, տեսիլքի եւ նուիրումի շնորհիւ կարելի է պահպանել եւ վերակենդանացնել հայ մշակութային ժառանգութիւնը Սփիւռքի տարբեր օճախներու մէջ։
Այսպիսով, երեկոն վերածուեցաւ ոգեւորիչ կոչի՝ ուղղուած բոլորին, վերագտնելու եւ ամրապնդելու իրենց ազգային ինքնութիւնը, պահելու լեզուն եւ փոխանցելու զայն յաջորդ սերունդներուն՝ որպէս անփոխարինելի հոգեւոր եւ մշակութային արժէք։
Նշենք, որ երեկոն տեղի ունեցած է բարձր հովանաւորութեամբ Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերմ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանին, որ կարեւոր ճիգեր կը գործադրէ Եգիպտոսի մէջ ոչ միայն հոգեւոր կեանքը ապահովելու, այլ միեւնոյն ժամանակ հայկական մշակոյթն ու ինքնութիւնը ուշադրութեան կեդրոն դարձնելու տեսակէտէն։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած մշակութային երեկոյին մասին հրապարակուած լրատւութիւնը՝
Հայ Ինքնութեան Եւ Լեզուի Պահպանման Նուիրուած Երեկոյ Գահիրէի Մէջ
Շաբաթ, 7 Մարտ 2026-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հելիոպոլսոյ (Գահիրէի) «Պըլըքտանեան» սրահի մէջ, Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանին կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Եգիպտոսի Հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանի, տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ՝ նուիրուած Արաբական Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի՝ «Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս» հատորի ներկայացումին։
Յայտագրի բացման խօսքը կատարեց տիկին Շաքէ Մարգարեան, որ բովանդակալից կերպով ներկայացուց դոկտ. Հրայրի բազմամեայ ու բազմաշերտ գործունէութիւնը։ Ան առանձնայատուկ կերպով մատնանշեց հեղինակին նուիրումը հայապահպանման գործին, մայրենի լեզուի պահպանման եւ Սփիւռքի տարբեր օճախներու մէջ հայ կեանքի ու մշակոյթի կենսունակութեան փաստագրման։
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ գիրքի խմբագիրն ու համադրողը՝ դոկտ. Արտա Պոյնէրեան-Ճէպէճեան։ Որպէս ընկերալեզուաբանութեան դոկտոր, ան խորացաւ հատորի ստեղծման դրդապատճառներուն եւ անոր կառուցուածքային առանձնայատկութիւններուն մէջ։ Դոկտ․ Արտան ահազանգային, բայց եւ յուսադրող շեշտադրումներով խօսեցաւ արեւմտահայերէնի պահպանման հրամայականին մասին։ Ան ընդգծեց, որ լեզուն սոսկ հաղորդակցութեան միջոց չէ, այլ՝ լեզուամտածողութիւն, որ պէտք է ամէն գնով փոխանցել նոր սերունդին՝ դիմագրաւելու համար համաշխարհայնացման բերած լեզուական եւ մշակութային ձուլման վտանգները։
Երեկոյի առանցքային պահը ինքնին հեղինակի՝ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի ելոյթն էր։ Ան ներկաներուն հետ բաժնեկցեցաւ հետաքրքրական զրոյց-քննարկում մը՝ «Հայ ըլլալու ընտրութիւնը համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ» խորագրով։ Հեղինակը անդրադարձաւ իր հեղինակած հայակերտումի երեք հատորներուն, որոնք կը հանդիսանան Սփիւռքի հայու կեանքի իւրայատուկ հայելին, սփիւռքահայութեան կեանքի առանձնայատկութիւններուն, հայապահպանումին, ազգային պատկանելիութեան, երկքաղաքացիութիւն ունեցող անհատներու մտածելակերպին, անհատի մը բազմաշերտ ինքնութեան եւ այլ խնդիրներու: Իր խօսքին մէջ ան շեշտեց, որ այսօր հայ մնալը գիտակցուած ընտրութիւն է, որ կը պահանջէ կամքի ուժ, տեսիլք եւ անսպառ յոյս։
Զրոյցէն ետք տեղի ունեցաւ քննարկում եւ հարց-պատասխանի բաժին։
Հանդիսութեան աւարտին իր Հայրական պատգամը փոխանցեց Եգիպտոսի Հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանը։ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի տասնամեակներու վաստակը, զայն որակելով որպէս «տագնապող մտաւորականի եւ նուիրեալ հայու» տիպար։
Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ նմանատիպ հատորներու հրատարակութիւնը միայն մատենագիտական իրագործում չէ, այլ՝ հոգեւոր ու ազգային զարթօնքի կոչ։ Ան յորդորեց ներկաներուն տէր կանգնիլ հայկական արժէքներուն եւ պահպանել մեր ինքնութեան հիմնասիւն հանդիսացող լեզուն ու հաւատքը։
Ձեռնարկը աւարտեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»-ով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մակագրութիւն եւ հիւրասիրութիւն։ Ներկաները իրենց սրտագին մաղթանքները փոխանցեցին դոկտ. Ճէպէճեանին՝ մաղթելով անոր քաջառողջութիւն եւ նորանոր գրական ու ազգային նուաճումներ։


