image

Թրամփի «Խաղաղութեան խորհուրդը» «Համաս»էն ի՞նչ պահանջեց

Թրամփի «Խաղաղութեան խորհուրդը» «Համաս»էն ի՞նչ պահանջեց

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի «Խաղաղութեան խորհուրդը» պաղեստինեան «Համաս» շարժման ներկայացուցած է պայմաններու ցանկ, որոնց կատարման պարագային այն կրնայ վար դնել զէնքը, հաղորդած են NPR-ը եւ Reuters-ը։

Ըստ աղբիւրներու՝ առաջարկը «Համաս»-ին փոխանցուած է նախորդ շաբաթ Գահիրէի մէջ կայացած բանակցութիւններու ընթացքին։ Հանդիպման մասնակցած են Խորհուրդի գլխաւոր տնօրէն Նիքոլայ Մլատենովը եւ Թրամփի յատուկ բանագնաց Սթիւըն Ուիթքոֆի օգնական Արյեհ Լայթսթոունը։

Մլատենովը X էջին նշած է, որ կը պահանջուի «մէկ յստակ ընտրութիւն»՝ «Համաս»-ի եւ բոլոր զինուած խմբաւորումներու լիակատար զինաթափում՝ առանց բացառութիւններու կամ վերապահումներու։

«Համաս»-ի ներկայացուցիչներն առայժմ չեն արձագանգած առաջարկին։ Միեւնոյն ժամանակ, կը հաղորդուի, որ զինաթափման շուրջ բանակցութիւնները կասեցուած են փետրուար 28-ին Իրանի մէջ ԱՄՆ-Իսրայէլ ռազմական բախումներու լոյսի ներքոյ։

Մասնագէտներու գնահատմամբ՝ Կազայի հատուածի լիարժէք վերականգնման համար անհրաժեշտ է մօտ 70 միլիառ տոլար։ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն յայտարարած է, որ վերակառուցման գործընթացը կրնայ սկսիլ միայն «Համաս»-ի զինաթափումէն ետք։

«Համաս»-ը, սակայն, կը մերժէ այդ պահանջը եւ կը շարունակէ պահպանել իր վերահսկողութիւնը Կազայի հատուածին մէջ։ Մինչ այժմ որեւէ երկիր, որ կրնայ ներգրաւուիլ կայունացման գործընթացին մէջ, չէ յայտնած պատրաստակամութիւն՝ մասնակցելու խմբաւորման հարկադիր զինաթափման։