Աշխարհը կը վերադառնայ այն փուլին, երբ գոյութիւն չունէր միջազգային իրաւունք, եւ ամէն ինչ կը վճռուէր միայն ուժով։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։
«Ընդհանրապէս, մենք կը տեսնենք մեր պատմութեան այնպիսի փուլ մը, որ պարուրաձեւ, բայց մեզ կը վերադարձնէ աշխարհ մը, ուր ոչինչ գոյութիւն ունէր։ Ոչ մէկ միջազգային իրաւունք, ոչ Վերսալեան համակարգ (Առաջին աշխարհամարտէն ետք ստեղծուած միջազգային կարգը), ոչ Եալթայի (Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք ստեղծուած միջազգային կարգը) համակարգ՝ ոչինչ։ Այնտեղ, ուր ուժն է ճշմարտութիւնը։ Իսկ մեր մօտ, ինչպէս գիտէք՝ յայտնի ֆիլմի յայտնի հերոսի արտայայտութենէն՝ «Աստուած ուժի մէջ չէ, այլ ճշմարտութեան մէջ»»,– ըսած է Լաւրովը։
Ան աւելցուցած է, որ տակաւին Ռուսական կայսրութեան ժամանակներէն գոյութիւն ունեցած է այն գիտակցութիւնը, որ Ռուսիան ունի միայն երկու դաշնակից՝ բանակը եւ նաւատորմը։
«Այժմ անոնց կը միանան նաեւ օդատիեզերական ուժերը (չենք կրնար զանոնք անտեսել)։ Ունինք նաեւ անօդաչու թռչող սարքերու նոր զօրքեր։ Այսպիսով, մեր դաշնակիցները աւելի շատ պիտի ըլլան»,– եզրափակած է ան։