Ըստ «Հըզպալլա» կուսակցութեան պատկանող լրատուամիջոցներուն՝ «Հըզպալլա» եւ «Ալ Նուսրա» արդէն հասած են համաձայնութեան:
«Ալ Նուսրա» խմբաւորումին անդամները, ձգելով իրենց ծանր զէնքերը, դուրս պիտի գան Արսէլ քաղաքէն, ազատ պիտի արձակեն «Հըզպալլա» կուսակցութեան պատկանող գերի բռնուած զինեալները, եւ պիտի յանձնեն մահացած զինեալներուն դիակները: «Հըզպալլա» իր կողմէն եւս խոստացաւ «Ալ Նուսրա»պատկանող սպաննուած զինեալները յանձնել:
Այս բոլորէն ետք, «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը պիտի ականազերծէ իր ազատագրած շրջանները, որպէսի երաշխաւորէ շրջանէն հեռացած գիւղացիներուն վերադարձը:
Ըստ վերջին տուեալներուն «Ալ Նուսրա»ին յանձնուելիք դիակներուն թիւը 9-ն է, իսկ «Հըզպալլա»ի դիակներունը ՝ 6: