Օրերս Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարար Ճուպրան Պասիլի դէմ բուռն պայքար կ'ընթանայ, կը գրէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:
Կայքին համաձայն, Պասիլ քանի մը քաղաքական ուղղութիւններու կողմէ քննադատութեան կ'ենթարկուի, մեղադրուելով մէկ կողմէ համաձայնութիւններ խախտելու, միւս կողմէ գաղտնի համաձայնութիւններ կնքելու մէջ:
Կայքը կարծիք կը յայտնէ, թէ ըստ երեւոյթին, «Մուսթաքպալ»ը, «Լիբանանեան ուժեր»ը եւ Ուալիտ Ճունպլաթ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի հետ գաղտնի համաձայնութեան եկած են պաշտօնի վրայ չպահելու Պասիլը:
Անդրադառնալով «Հըզպալլա»ին, կայքը կը յայտնէ, որ վերջինս ոչ մէկ հետաքրքրուածութիւն կը ցուցաբերէ հարցին նկատմամբ, համարելով, որ Ազատ ազգայիններու հետ ունեցած իր միակ կապը երկրի նախագահին հետ է:
Այս առթիւ «Հըզպալլա»ի մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, որ վերջինս պատուիրակութեամբ մը կը պատրաստուի այցելել նախագահին եւ խնդրել արագացնել կառավարութեան ստեղծման գործընթացը, միաժամանակ դիտել տալով, որ «Հըզպալլա» այնքան ալ մեծ ցանկութիւն չունի Պասիլի շահերը պաշտպանելու, նկատի ունենալով վերջինիս հետ ունեցած իր ծանր փորձը: