image

ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդութիւնը Արցախի Զօրակցութեան Հաւաք Կայացուց

ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդութիւնը Արցախի Զօրակցութեան Հաւաք Կայացուց

Այսօր Լիբանանի հայահոծ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակի վրայ տեղի կ'ունենայ Արցախի զօրակցութեան հաւաք: Զօրակցական հաւաքը կազմակերպուած է ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, Զաւարեան ուսանողական միութիւններու եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան կողմէ: Հաւաքը սկիզբ առած է քայլարշաւով մը, ուր լիբանանահայութիւը հասած եւ կեդրոնացած է Պուրճ Համուտի հրապարակ, սկսելու համար զօրակցական հաւաքը:


«Արեւելք» Լիբանանի աղբիւրը հաղորդելով այս մասին, նշած է, որ հաւաքի այս բացման խօսքէն ետք պիտի հնչեն ելոյթներ, ասմունքներ, ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացուի վերջին հինգ օրերուն Արցախի մէջ տիրող պատերազմական իրադարձութիւններու մասին տեսանիւթեր եւ ազգային երգեր: