Առաջին անգամը չէ, որ Հռոմի Պապը կը զարմացնէ հանրութիւնը իր «անսպասելի» արարքներով: Այս անգամ ան Երիտասարդութեան միջազգային օրուան համար պատրաստուած ծանուցման մը մէջ կ'երեւայ իր փոքր սպիտակ ինքնաշարժով: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ծանուցման նպատակն է խթանել աշխարհի բոլոր երիտասարդութիւնը՝ մասնակցելու այս տօնական օրուան: