image

Հրթիռներ Հալէպի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Թաղին Վրայ (Լուսանկար)

Հրթիռներ  Հալէպի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Թաղին Վրայ (Լուսանկար)

Այսօր յետմիջօրէի  ժամը    4:00 -ին  հրթիռներ ինկած են Հալէպի Ազիզիյէ  թաղամասին վրայ: Այս  մասին «Արեւելք» իմացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն, որ նաեւ յայտնեց, որ հրթիռարձակումները  տեւած են շուրջ կէս ժամ:  Նշենք, որ  այդ թաղամասին  մէջ կը գտնուի  Հալէպի Նոր Սերունդ մշակութային միութեան շէնքը, որուն մէջ կը գործեն ՍԴՀԿ «Տխրունի Ուսանողական Միութիւն»ը եւ Հ.Մ.Մ. մարզական մարմինը: Հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած են   4 անձեր եւ վիրաւորուած 35 ուրիշներ:  Ցարդ  յայտնի չէ,  զոհերուն մէջ   հայ ըլլալու հանգամանքը: Յայտնենք, որ  նոյն թաղամասի հանդիպակաց կողմը կը գտնուի Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ակումբը: Հրթիռարձակումներուն հետեւանքով  գրանցուած են նիւթական մեծ վնասներ: