Անգարա- («Թուտէյզ Զաման»- Պոլիս)- 2004 թուականին Պոլսոյ կուսակալութեան շէնքին մէջ Հրանդ Տինքին ազդարարական զգուշացում մը տրուած է, այդ օրերուն անոր գրած՝ Աթաթուրքի հոգեզաւակ Սապիհա Կէօքչէնի հայկական ծագում ունենալու մասին խօսող յօդուածին վերաբերեալ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Թուտէյզ Զաման»ը, որ կը յայտնէ նաեւ, որ ազդարարական հանդիպման երկու գլխաւոր դերակատարները՝ ՄԻԹ-ի նախկին շրջանային նախագահի տեղակալ Էօզէլ Եըլմազ եւ այդ շրջանին Կուսակալի տեղակալ՝ Էրկին Կիւնկէօր, իրար հակասող վկայութիւններ տուած են 22, Դեկտեմբեր 2014-ին իրականացուող հարցաքննութեան ընթացքին:Աղբիւրը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ հարցաքննութեան ընթացքին Մինչ Եըլմըզ կը պնդէ, որ իր հանդիպումը Տինքի հետ եղած է պատահական, երբ ան Միթ-ի այլ պաշտօնեայի մը հետ գացած էր կուսակալութեան կեդրոն, վերցնելու համար Սապիհա Կէօքչէինի ծագումը ապացուցող Տինքի բերած փաստաթուղթերը, հոն հանդիպած է նաեւ Տինքին, որուն կուսակալի տեղակալ Կիւնկէօր իրենց ներկայացուցած է որպէս իր ազգականը: Միւս կողմէն Կիւնկէօր կը հաստատէ, որ Տինք հետ հանդիպումը կազմակերպուած էր ՄԻԹ-ի կողմէ, կուսակալի Կիւլէրի հրահանգ-պատուէրով, իր աշխատասենեակին մէջ եւ ինք եղած է պարզապէս հիւրընկալողի դերի մէջ, ուր ՄԻԹ-ի պաշտօնեաները Տինքը զգուշացուցած են իր յօդուածի շուրջ հնարաւոր վտանգի մասին, իսկ ՄԻԹ-ի պաշտօեաներուն որպէս իր հարազատները ներկայացնելը եղած է վերջիններուս պատուէրով:Թերթը նաեւ կը նշէ, որ վերջերս հրապարակուած զիկոյցի մը համաձայն Տինքի սպաննութեան պահի վերաբերեալ նոր նկարներ մէջտեղ եկած են, ուր կ'երեւան ոստիկանութեան հետախուզական վեց սպաներ «Ակօս»ի շէնքի դիմաց, եւ դատախազութեան գրասենեակը հաստատած է, որ այդ վեցը գաղտնի սպսարկութեան աշխատակիցներ էին, ինչն ալ կ'ապացուցէ, որ Տինքի սպանութիւնը կատարուած էր անոնց հսկողութեան ներքոյ: