Հայաստան- Հալէպ-Պէյրութ ճանապարհին առեւանգուած երկու հայորդիները Երեւան ժամանած են:Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցեց ազատ արձակուած մեր հայրենակիցներուն պարագաներէն մին: Մեր աղբիւրը նաեւ ըսաւ, որ հայր ու որդի Գէորգ եւ Ճորճ-Սարգիս Չափարեաններ «Զուարթնոց» օդակայան հասած են: Ճորճ Չափարեան, իր հարազատները տեսնելով բացագանչած է ՝ «հողդ համբուրեմ հայրենիք»: Նշենք, որ Հալէպի, Պէյրութի, Դամասկոսի եւ Երեւանի տարբեր մակարդակներու ազգայիններ կարեւոր ճիգեր ըրած են անոնց ազատութեան համար: Չափարեանները առեւանգուած էին անցնող 19 Սեպտեմբերին, երբ Հալէպէն Պէյրութ կը փորձէին գալ, հոնկէ Երեւան փոխադրուելու համար:

