image
Հրատապ լուրեր:

Հայր Եւ Որդի Չափարեաններ Երեւան Հասան (Լուսանկարներ)

Հայր Եւ Որդի Չափարեաններ Երեւան Հասան (Լուսանկարներ)

 Հայաստան- Հալէպ-Պէյրութ ճանապարհին առեւանգուած  երկու հայորդիները Երեւան  ժամանած են:Այս մասին   տեղեկութիւնը փոխանցեց  ազատ արձակուած մեր հայրենակիցներուն պարագաներէն  մին: Մեր աղբիւրը  նաեւ ըսաւ, որ  հայր ու որդի Գէորգ եւ  Ճորճ-Սարգիս Չափարեաններ    «Զուարթնոց» օդակայան  հասած են: Ճորճ Չափարեան, իր  հարազատները տեսնելով  բացագանչած է ՝ «հողդ  համբուրեմ հայրենիք»: Նշենք, որ   Հալէպի, Պէյրութի, Դամասկոսի եւ Երեւանի  տարբեր մակարդակներու ազգայիններ կարեւոր ճիգեր ըրած են անոնց ազատութեան համար: Չափարեանները   առեւանգուած էին   անցնող 19 Սեպտեմբերին, երբ Հալէպէն Պէյրութ կը փորձէին գալ, հոնկէ Երեւան փոխադրուելու  համար: