Հայր Անդրանիկ Կռանեան ծնած է 20 Յունուար,1929-ին, Լիբանան: Իր նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Յիսուսեան հայրերու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանէն: Նուիրուելով հոգեւորական կեանքի` յաճախած է Զմմառու դպրեվանք եւ, ապա, մտած` Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրոցը եւ Յիսուսեան հայրերու Գրիգորեան միջազգային Համալսարանը:
1954-ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ` դառնալով անդամ Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան:
1973-էն ի վեր կը խմբագրէ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Մասիս» շաբաթաթերթը, իսկ 1990-էն ի վեր կը վարէ խմբագրութիւնը Հայկազեան համալսարանի «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ին:
Դասաւանդած է գրաբար, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, հայ սիսագիտութիւն եւ հայ մատենագրութեան վերաբերեալ այլ նիւթեր` Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի եւ Քասլիքի մարոնի Անտոնեան հայրերուն համալսարանին մէջ:
Հայր Կռանեանի դասաւանդած նիւթերուն բնագիրները`«Հայ մատենագրութիւն», «Հայ երաժշտութեան պատմութիւն», «Հայկական ծէսը» ֆրանսերէն դասագիրքը:
Պէյրութի Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ հայր Կռանեանին ֆրանսերէնով տուած դասախօսութիւններու շարքը հրատարակուած է համալսարանին կողմէ:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել