Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս կը քննէ Ազրպէյճանի հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր մատակարարող Aeronautics Defence System ընկերութեան գործողութիւնները:
Իսրայէլի մէջ հրատարակուող Haaretz պարբերականը հաստատած է, որ ընկերութեան աշխատակիցները Պաքու կատարած այցի ընթացքին Orbiter 1K հարուածային անօդաչու սարքերու կարողութիւնները ազրպէյճանական կողմին ցուցադրած են հայկական դիրքերու դէմ իրականացուած հարուածի միջոցով:
Հայկական աղբիւրներու տեղեկութիւններով, վերջին անգամ ազրպէյճանական կողմը իսրայէլեան արտադրութեան անօդաչու հարուածային սարքեր կիրառած է մօտ մէկ ամիս առաջ: