image
Հրատապ լուրեր:

Հայազգի Շարժանկարիչ Լիսա Չալան, Որ Կորսնցուցած էր Իր Սրունքները, Նոր Սրունքներ Պիտի Ունենայ

Հայազգի Շարժանկարիչ Լիսա Չալան, Որ Կորսնցուցած էր Իր Սրունքները, Նոր Սրունքներ Պիտի Ունենայ

Հայազգի 28-ամեայ շարժանկարիչ Լիսա Չալան, որ 7 յունիս 2015-ին Թուրքիոյ ընդհանուր ընտրութիւններէն երկու օր առաջ Տիարպէքիր գացած էր մասնակցելու համար Հէ. Տէ. Փէ. կուսակցութեան հանարահաւաքին, Տիրապէքիրի մէջ կատարուած պայթումի մը հետեւանքով կորսնցուցած էր իր երկու սրունքները: Պայթումին զոհ գացած եւ վիրաւորուած էին բազմաթիւ անձեր: 

Այս ողբերգական դէպքէն յետոյ, բեմադրիչ Րէվան Թուվի, Չալանին արուեստական սրունքներ պատրաստելու համար զօրակոչ ձեռնարկած էր: Նկատելով որ Թուրքիոյ մէջ սրունքներու փրոթէզը պետութեան կողմէ չի տրամադրուիր, բեմարիչը որոշած էր Չալանը փոխադրել Գերմանիա: 35 հազար տոլար արժողութեամբ գործողութեան համար, եօթ օրուան ընթացքին կրցած էր հանգանակել միայն 9318 տոլար:
Լիսա Չալան երկու շաբաթ առաջ տարուած է Գերմանիա, ուր բժշկական ստուգումէ ետք, ճշդուած է, որ անոր մարմինը տակաւին ընդունակ է փրոթէզի պատրաստումի եւ պահանջուած գումարի համար համաձայնութիւն գոյացած է գումարը մասնավճարով հատուցանելու: Սակայն եթէ գումարի հայթայթումը ուշանայ եւ հիւանդի մկանները սկսին տկարանալ, ուշացած պիտի ըլլայ անոր փրկելու ջանքերը: