image

Հայաստանը ընդգրկուած է ՄԱԿ-ի Պատուոյ ցանկին մէջ՝ անդամավճարները ժամանակին մուծելու համար

Հայաստանը ընդգրկուած է ՄԱԿ-ի Պատուոյ ցանկին մէջ՝ անդամավճարները ժամանակին մուծելու համար

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներառուած է ՄԱԿ-ի 2018-ի պատուոյ ցանկին մէջ (Honour roll)` կազմակերպութեան կանոնաւոր պիւտճէին ժամանակին եւ ամբողջութեամբ կատարած իր անդամավճարներուն համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն նշած են, որ 2018-ի Յունուարին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ՄԱԿ-ի կանոնաւոր ամավարկին փոխանցուած է 145 843 $` որպէս ՄԱԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան 2018-ի տարեկան անդամավճար:

Պատուոյ ցանկին մէջ կ՛ընդգրկուին այն անդամ երկիրները, որոնք ընթացիկ տարուան առաջին 30 աշխատանքային օրուան ընթացքին ՄԱԿ-ի կանոնաւոր պիիտճէին ամբողջութեամբ կը վճարեն իրենց անդամակցութեան ֆինանսական պարտաւորութիւնները:

10 Յունուար 2018-ի դրութեամբ պատուոյ ցանկին մէջ ներառուած է ՄԱԿ-ի 193 անդամ երկիրներէն 7-ը: