ՀՀ կառավարութեան 2018 թուականի ծրագրի իրականացման հաշուետու զեկոյցին մէջ 2018-ի «Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, մարդու ազատ ստեղծագործելու, արժանապատիւ ու երջանիկ ապրելու համար նպաստաւոր պայմաններու ստեղծմանն» ուղղուած աշխատանքներու մասին նշուած է հետեւեալը.
«Քաղաքացու ազատ կամարտայայտութեան միջոցով իշխանութեան ձեւաւորման շնորհիւ փոխուել է քաղաքացի-իշխանութիւն յարաբերութիւնների ողջ փիլիսոփայութիւնը:
Հանրային կեանքին քաղաքացու առաւելագոյն մասնակցութիւնը դրսեւորւում է համապետական եւ տեղական մակարդակներում որոշումներ կայացնելու գործընթացում բարձր ներգրաւուածութեամբ, որին կառավարութիւնը ձեւաւորման օրուանից որեւէ կերպ չի խոչընդոտել:
Քաղաքական արմատական փոփոխութիւնների շնորհիւ մասնաւոր սեփականութեան, օրինական ձեռներեցութեան եւ քափիթալի անձեռնմխելիութեան խախտման որեւէ դրսեւորում չի արձանագրուել»:
Նոյն զեկոյցին մէջ նաեւ նշուած է, որ վերջին 12 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով արձանագրուած է ներգաղթ. 2018 թուականին Հայաստան ժամանածներուն թիւը 15313-ով գերազանցած է մեկնածներու թիւը:
«Եւրոսթաթի» տուեալներով` 2018-ին Եւրոպական միութեան երկիրներէն ապաստան հայցած ՀՀ քաղաքացիներու թիւը աւելի քան եռակի նուազած է: Նախորդ տարի ԵՄ երկիրներէն ապաստան հայցած է ՀՀ 2190 քաղաքացի, մինչ 2017-ին այդ թիւը կազմած էր 6805: