image

Հայահոծ Պուրճ Համուտի մէջ իրավիճակը վերահսկողութեան տակ. Աղբիւր

Հայահոծ Պուրճ Համուտի մէջ իրավիճակը վերահսկողութեան  տակ. Աղբիւր

 Լիբանանի հայահոծ  Պուրճ  Համուտ     շրջանին մէջ իրավիճակը    վերահսկողութեան տակ է։ 

 Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Պէյրութէն։ 

 

 Նշենք նաեւ, որ Լիբանանեան  կարգ մը  արաբատառ  կայքեր տեղեկութիւն  հաղորդած էին,   որ  Պուրճ Համուտի մէջ      «Քորոնա»ի  խնդրով որոշ մտահոգութիւններ կան,  որոնք   մեր տուեալներով չափազանցուած են։

 

 Յիշեցնենք, որ նոյն ուղղութեամբ եւ Լիբանանի մէջ գործող   «Քորոնա»-  համաճարակի ճգնաժամային  շտապը    դիմատետրի  գրառում մը  կատարելով  աւելի վաղ  յայտարարած էր, որ   Պուրճ Համուտ հայահոծ   շրջանի իրավիճակի վերաբերեալ  կարիք չկայ    անհանգստանալու նշելով նաեւ, որ  շրջանին մէջ կան  «Քորոնա»ով վարակուած   5   հիւանդներ, որոնք  կը   բոլորեն  մեկուսացման   փուլը   իրենց բնակարաններուն   մէջ։  Լիբանանեան մարմինը նաեւ նշած էր, որ  հիւանդները կը գտնուին երկրի  Առողջապահութեան նախարարութեան ամբողջական   հսկողութեան  տակ եւ անոնց վիճակը   բնական  հունի մէջ է։ 

 

 

 Յիշեցնենք, որ «Քորոնա» համաճարակի  ալիքը  մեծապէս նուազած է  Լիբանանի մէջ եւ   ինչպէս միջազգային  կարգ մը  ԶԼՄ-ներ  այսօր  յայտարարեցին,   Լիբանան կը համարուի  այն երկիրներէն, ուր  համաճարակը    կ՚ուղղուի  դէպի  նօսրացում եւ նուազում։