image

Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորման Հնգօրեայ Համախմբում- Ռումանիոյ Սուչաւա Քաղաքում

Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորման Հնգօրեայ Համախմբում- Ռումանիոյ Սուչաւա Քաղաքում

 Օգոստոս 9-14 Ս. Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առթիւ պիտի կազմակերպուի Հայ Եկեղեցւոյհամաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) հնգօրեայ համախմբում-ճամբար Ռումանիոյ մէջ` 16-րդ դարասկիզբին Սուչաւա քաղաքին մէջ հայերուն կողմէ հիմնուած հրաշագործ Ս. Հաճկատար վանքինմէջ: Ճամբարին պիտի մասնակցին 33 երկիրներու Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ խումբերու հայերիտասարդներ` առաջնորդներու եւ հոգեւոր հայրերու ուղեկցութեամբ:
 
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Ռումանիոյ Հայոց թեմի մամլոյ դիւանէն, 2017թ. Մայր Աթոռ ՍուրբԷջմիածինի մէջ տեղի ունեցած Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի որոշմամբ 2018թ. հռչակուած էերիտասարդութեան տարի: 2017թ. փետրուար 9-10, Վիեննայի առաջնորդանիստ Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջտեղի ունեցած ՀԵՀԵՄ Եւրոպայի առաջնորդաց եւ Հոգեւոր հովիւներու հանդիպման ժամանակ ՀԵՀԵՄԵւրոպայի հոգեւոր առաջնորդ ընտրուած Ռումանահայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Տաթեւ եպս. Յակոբեանինախաձեռնութեամբ ու առաջարկութեամբ, իբրեւ երիտասարդութեան տարուան նախապատրաստականկարեւորագոյն քայլ, որոշուեցաւ տարուոյս օգոստոս 9-14 Ռումանիոյ մէջ կազմակերպել Հայ Եկեղեցւոյհամաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) հնգօրեայ համախմբում-ճամբար:
 
ՀԵՀԵՄ ճամբարին պիտի մասնակցին Եւրոպայի, Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի, ՀարաւայինՌուսաստանի, Վրաստանի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ափրիկէի 33 երկիրներու Հայոց խումբերու 18-30տարեկան շուրջ 150 երիտասարդ, ինչպէս նաեւ թեմակալ առաջնորդներ եւ հոգեւոր հայրեր:
 
Հնգօրեայ հաւաքին ընթացքին տարբեր երկիրներէ ժամանած հայ երիտասարդութիւնը, ռումանահայերիտասարդներու հետ միասնաբար, ուխտաւորաբար պիտի այցելեն Սուչաւայի հայկական եւ ռումանականնշանաւոր վանքերն ու եկեղեցիները, պիտի ծանօթանան Ռումանահայոց թեմի կրօնական ու մշակութայինպատմութեան ու ձգած հսկայածաւալ ժառանգութեան: Այս կարեւոր նախաձեռնութեան եւ ծրագիրիննշանաբանն է` Եկեղեցի եւ ընտանիք կապը, փոխյարաբերութիւնը եւ արդի մարտահրաւէրները յատկապէսերիտասարդ սերունդին կեանքէն ներս: Ծրագիրի հիմնական նպատակն է`
 
Ա. Հայ երիտասարդութիւնը դաստիարակել կրօնական ու աւետարանական ոգով, քրիստոնէական ուբարոյական արժէքներով, բարձրացնել քրիստոնէական ընտանիքի եւ բարձրագոյն արժէքներու հանդէպգիտակցութեան մակարդակը, ծանօթացնել քրիստոնէական եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն ուխորհուրդներուն, ներկայիս գերզարգացող ու գերժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրներուն զուգահեռօգնել երիտասարդութեան ճիշդ կողմնորոշուելու եւ ճշմարիտ հիմքերու վրայ կառուցելու Աստուած-մարդ,մարդ-մարդ, մարդ-տիեզերք յարաբերութիւնները:
 
Բ. Առիթ եւ հնարաւորութիւն ընձեռել հայ երիտասարդութեան այցելելու Եւրոպայի եւ աշխարհի հնագոյն հայգաղթավայրերէն մէկը, ուր շուրջ 1000 տարի առաջ հաստատուած են հայ ժողովուրդի զաւակները, նախադէպստեղծել առաւել լայն համագործակցութեան համար` իրար ճանչնալու եւ աւելի եկեղեցասէր սերունդդաստիարակելու համար:
 
Գ. Եռօրեայ հաւաքին ընթացքին հնարաւորութիւն տալ տարբեր երկիրներէ ժամանած հայերիտասարդութիւնը, ռումանահայ երիտասարդներու հետ միասնաբար, ուխտաւորաբար այցելելու Սուչաւայի,Պոտոշանի եւ տարածաշրջանի հայկական եւ ռումանական նշանաւոր վանքերն ու եկեղեցիները, պիտիծանօթանան ռումանահայ գաղութի պատմութեան ու ձգած հսկայածաւալ ժառանգութեան, ռումանացիմշակոյթին ու ճարտարապետական առանձնայատկութիւններուն:
 
Տեղի պիտի ունենան քարոզներ, բանախօսութիւններ, դասախօսութիւններ ու քննարկումներ  շարք մըթեմաներով` «Ահաւասիկ Գառն Աստուծոյ», «Ուր երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած են Իմ անունով, Եսայնտեղ, անոնց մէջ եմ», «Բազումք են կոչեցեալք, սակաւք են ընտրեալք», «Ուխտագնացութիւնը հայհաւատացեալի կեանքին մէջ», «21-րդ դարուն հայ եկեղեցասէր երիտասարդութեան մարտահրաւէրները», «Սուրբ Պատարագը Ծիսական Աստուածաբանութեան ծիրէն ներս», «Ընտանիքի դերը Ս. Պատարագիմասնակցութեան մէջ», «Հայերը Ռումանիոյ մէջ» եւ այլն:
 
Հնգօրեայ հաւաքը պիտի իրականացուի օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ ԳարեգինԵրկրորդ Ամենայն Հայոց Հայրապետի, նախաձեռնութեամբ Ռումանիոյ Հայոց Թեմի, աջակցութեամբ ունախագահութեամբ ՀԵՀԵՄ պատասխանատու գերշ․ Տ․ Յովնան արք․ Տէրտէրեանի, բարերարութեամբ ուհովանաւորութեամբ Ռումանիա պետութեան, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ Ռումանիոյ Հայոցթեմի:
 
Սիրով կը հրաւիրենք բոլոր ցանկացողներուն այդ օրերուն ուխտաւորաբար այցելելու Սուչաւայի հրաշագործՍ. Հաճկատար հայոց հնամենի վանք եւ միասնաբար մասնակցելու այս կարեւոր նախաձեռնութեան: