Հայրենասէր Հոգեւորականը
Յառաջիկայ 2020 թուականի սեմին, ի յուշ Մեծ Հայրապետին Տ.Տ. Գարեգին Ա Յովսէփեանց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին եւ ի յարգանս իր անխախտ հայրենասիրութեան, որպէս երախտագէտ ուսանող Անթիլիասի Դպրեվանքին Հայրապետին օրհնութեանը ներքեւ, խոնարհաբար կ’անդրադառնամ դար մը առաջ 1920 թուականի Կարսի յանձնումին, հետեւելով Հայրապետին յետագային գրի առած ՚Յուշերունՙ: Զանոնք աչքիս առջեւ ունիմ երբ այն ատեն նորապսակ եպիսկոպոս, յետագային գրի առած է թէ ինք եւ մի քանի հայ գիտնականներ Հայաստանի մէջ զբաղած էին հնագիտական հետազօտական աշխատանքով, երբ 1920 թուականին Թուրքիա կը յարձակէր Հայաստանի սահմաններէն ներս` դէպի Կարս: 1920 Սեպտեմբեր 22¬ին երբ թուրք բանակը Օլթի կը մտնէր եւ կը գրաւէր Սարըղամիշը, Կաղզուանն ու Սուրմալուն, հայեր փախչելով կը հաւաքուէին Կարսի մէջ ուր քաղաքին անառիկ բերդը կար, իսկ Հոկեմբերին թրքական բանակը Կարս ներխուժելով կը դիմէր դէպի բերդը: Ժողովուրդը փախուստ կուտար դէպի Ձոր կոչուած կիրճը, Ալեքսանդրապոլի ուղղութեամբ:
Ճգնաժամային այդ օրերուն Կարս կը հասնէր հայրենասէր հոգեւորական Գարեգին Եպիսկոպոս Յովսէփեան, Գէորգեան Ճեմարանի անդրանիկ սաներէն, որ կը միանար դէպի Ձոր փախչողներու խումբին ու կը խրախուսէր զիրենք, ինչպէս երկու տարի առաջ, 1918¬ի Սարդարապատի կռիւին, նոյնպէս իսկական հերոս Գարեգին Եպիսկոպոս պատրաստակամութիւն կը յայտնէր ճակատ երթալու եւ խրախուսելու հայ զօրականները, ստանալէ ետք Տ.Տ. Գէորգ Ե Սուրէնեանց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութիւնը: Ալեքսանդրապոլէն անցնելով Սրբազանը կրօնական թափօր կազմել կուտար քաղաքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիէն մինչեւ քաղաքապետարան, չորս եկեղեցիներու շուրջառազգեստ քահանաներով, որոնց գլուխը անցած, եպիսկոպոսական լրիւ զգեստաւորումով, գաւազանով եւ խաչով, կուրծքին կախած իր ՚քաջութեան նշանի ժապաւէնը որ ստացել էինք Սարդարապատի ճակատում մեր բերած մասնակցութեան եւ ծառայութեան համարՙ:
Քաղաքապետարանին առջեւ տեղի կ’ունենար ՚անդաստան եւ մաղթանքՙ, որմէ ետք շտապ կը մեկնէին Կարս ներկայանալու ռազմաճակատի զօրավար Դանիէլ Փիրումեանին, առաջարկելով իրենց ծառայութիւնը բերել հայրենիքին: Փիրումեան Սարդարապատի յաղթանակին ՚Աւագ Զօրավարութեանՙ աստիճան ստացած էր, եւ զինադադարէն ետք, Կարսը հայոց ձեռքը անցնելով բերդապահ նշանակուած: Ինչպէս կը վկայէ Գարեգին Եպիսկոպոս, Փիրումեանէն աստիճանով աւելի բարձր էին զօրավար Նազարբէգեանը` Երեւան, զօրավար Սիլիկեանը` Ալեքսանդրապոլ, եւ Սուրմալուի մէջ զօրավար էր Դրոն (Դրասդամատ Կանայեանը) իր սպաներով:
![]()
Կարսի Մէջ
Գարեգին Սրբազան նախ պատարագ կը մատուցանէր Կարսի մայր եկեղեցւոյ մէջ հոն հասած առաջին կիրակի օրը, ի ներկայութեան ՚հայ զինուորական եւ քաղաքական ամբողջ պաշտօնէութեանՙ, յատուկ մաղթանք կատարելով հայոց զօրքերուն համար: Փիրումեան սիրով կ’ընդունէր Ղարաբաղցի իր հայրենակից Սրբազանը եւ իրեն ընկերակից հայորդիները, յանձնարարելով որ Սրբազանը ձի հեծած Սարըղամիշ երթար, դէպի ռազմաճակատ, օրհնելու համար զինուորները` յաղթանակի կոչ ուղղելով անոնց: Ապա, Փիրումեանի հրահանգով Գարեգին Եպիսկոպոս Կարս կը վերադառնար ու կ’այցելէր հայ որբանոցներն ու հիւանդանոցները` քաջալերելու համար անկեալները:
Յուսահատ Կացութիւն
Երբ Գարեգին Սրբազան դժբախտ հայերուն դէպի Ձոր նահանջը կը տեսնէր, ինչպէս նաեւ Փիրումեանի յուսահատ վիճակը, ակամայ պիտի լսէր զօրվարին դիմումը: ՚Սրբազան, մի բան դուք պէտք է փորձէք, անձամբ բերդի գլուխը պիտի բարձրանաք եւ յայտնէք մեր անձնատուութիւնըՙ: Տրուած հրահանգին վրայ Գարեգին Եպիսկոպոս երկու զինակիցներով` գնդապետ Վահան Տէր Առաքելեանի եւ օդաչու սպայի մը, բերդ կը բարձրանար եւ սպիտակ դրօշը կը պարզէր, վտանգելով նոյն իսկ իր կեանքը: Հոն երեքը մէկ կը ձերբակալուէին թուրքերուն կողմէ եւ կը տարուէին թուրք գնդապետին մօտ որուն Սրբազանը կ’ըսէր թէ ՚մենք յաղթուած ենք եւ եկել ենք յայտնելու թէ մենք անձնատուր ենք լինումՙ դիմելով որ ՚մարդասիրութեամբ եւ գութովՙ վարուէր եւ դադրեցնէր կրակը Ձորին մէջ լեցուած “անմեղ երախաներուն եւ որբանոցներունՙ, անոնց կեանքը փրկելու համար: Սրբազանի խնդրանքը կը կատարուէր, կրակը կը դադրեցնէին, եւ ինք խորհրդակցաբար զօրավար Փիրումեանին հետ, երկուքը կ’արտօնուէին միասնաբար Ձոր իջնել եւ տանջուած հայերը հաւաքել ու Կարս հասցնել:
Կարսի Յանձնումը
Կարսը թուրքին յանձնուած էր, եւ Գարեգին Եպիսկոպոս որպէս հայրենասէր մարդ կատարած էր իր կարելին, եւ սակայն հիասթափ եղած Կարսի եւ անառիկ բերդին յանձնումին համար: Ան ըսեր էր թէ ՚Ազգերի պամութեան մէջ դժուար է գտնել այնպիսի խայտառակ պարտութիւն ինչպիսին մերն էր այդ օրերուն. լաւ կը համարէինք մի քանի հազար կոտորուէինք բերդի տակ, պաշտպանելով մեր հայրենիքը, քան անարգ փախստեամբ փրկէինք մեր կաշիներըՙ: Կարս յանձնուեցաւ 1920 Հոկտեմբեր 30-ին: Գարեգին Եպս. Յովսէփեան իր Յուշերուն մէջ կ’աւելցնէ թէ խիստ մեղադրանքներու ենթարկուեցան Դանիէլ Փիրումեանն ու Կարսի նահանգապետ Ստեփան Ղորղանեանը որոնք միասնաբար չգործելով պատճառ դարձան Կարսի յանձնումին` առանց կռիւի:
Կարսի գրաւումէն ետք թուրք կառավարութիւնը կը խուզարկէր հայոց բնակարանները եւ վատ պայմաններու տակ բռնի աշխատանքի կը լծէր զանոնք, եւ շատեր խստութեան չդիմանալով կը մեռնէին: Գարեգին Եպիսկոպոս կը մնար պատնեշին վրայ ու կ’այցելէր որբանոցներն ու հիւանդանոցները, եւ նոյնիսկ պետական արտօնութեամբ Կարսի հայ եկեղեցիներուն մէջ ժամապաշտութիւն ալ կը կատարէր` ի մխիթարութիւն վշտացեալ իր հօտին:
Ձեռագիր Ճաշոց Մատեանը
Այդ ծանր օրերուն, հայագէտ եւ արուեստաբան Գարեգին Յովսէփեան Եպիսկոպոս կը զբաղէր նոյնիսկ հայերէն ձեռագիրներով, ինչպիսին էր Կարսեցի բժիշկ Երզնկացեանի մօտ պահուած Ագուլից Վանքի մանրանկարեալ Ճաշոցը որ մնացեր էր Երզնկացեանի կնոջ պապէն որպէս յիշատակ իր թոռան: Ձեռագիր Ճաշոցը Կարսէն դէպի Ձոր փախուստի ատեն պիտի իյնար թուրքերուն ձեռքը եթէ Երզնկացեան հոգածու չըլլար անոր: Տրուած տեղեկութիւններէն կը պարզուէր որ Ճաշոցը ՚զարդարուած էր կենդանագիրներով, թռչնագիրներով եւ ամբողջ երեսի պատկերներովՙ, եւ հաւանաբար ԺԳ. դարու գործ մըն էր:
Գերութիւն եւ Վերադարձ Ս. Էջմիածին
Գարեգին Եպիսկոպոս գերի վիճակի մէջ Կարս մնացած է ատեն մը, եւ մի քանի անգամ դիմած Կարսի թուրք կառավարիչին զինք ազատ արձակելու եւ Հայաստան վերադառնալու, սակայն միշտ մերժուած էր: Ընդհակառակը, Նոյեմբեր 18-ին խուզարկութեան ենթարկուած է եւ բանտարկուած բազմաթիւ հայ կալանաւորներու հետ, եւ ապա աքսորուած Սարըղամիշ, եւ հոնկէ ալ փախած ետ դէպի Կարս: Փախուստի ճամբան եղած է խիստ տառապալից, ինչպէս Սրբազանը ինք կը նկարագրէ, թէ ՚սոված եւ մերկՙ մինչեւ առաւօտ անտառներուն մէջ պահուտելով ու վերջապէս հասնելով Ետիքիլիսէ գիւղը, ուր կը ձերբակալուէր: Գարեգին Յովսէփեան եպիսկոպոս ծեծի եւ խոշտանգումի տակ կը հիւանդանար, եւ երեք շաբաթ ետք բռնի աշխատանքի կը լծէին զինք ՚Կարին գնացող վագոնները բեռցնելուՙ:
Բարեբախտաբար վերջ կը գտնէր հերոս հոգեւորական Գարեգին Սրբազանի ոդիսականը իր կրկին փախուստով 1921 թուի Յունուար 19-ին, երբ կը դիմէր Սարըղամիշի կայարանապետի օգնականին, յայտնելով որ ինք լուսանկարիչ էր եւ թէ իր գործիքները Կարս կը գտնուէին, խնդրելով թոյլ տալ իրեն երթալու եւ զանոնք բերելու: Կարս երթալով Սրբազանը կ’ապաստանէր Ամերիկեան հայոց որբանոցը մինչեւ Մարտ 21: Այդ ժամանակ Կարսի հայկական որբանոցները կը տեղափոխուէին Սովետական Հայաստան, որոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ ծպտեալ Գարեգին Եպիսկոպոս Յովսէփեան, որ ապահով կը հասնէր Ալեքսանդրապոլ, եւ Յուլիս ամսուն` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Դոկտ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան
«Մասիս»