Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ յառաջիկայ մայիսին կայացուելիք ընտրութիւնները ճագատագրական են, եւ իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է մասնակցի՝ ընտրութեանց արդիւնքները բարձրացնելու համար եւ թոյլ չի տալու ոեւէ մէկուն Պէյրութի որոշումը իր ձեռքէն վերցնելու: Ան ըսաւ՝ «մարդիկ կան, որ կ'ուզեն այս ընտրութիւնները Ձեզմէ խլել բայց այդպիսի բան անկարելի է»:
Հարիրիի այս յայտարարութիւնը տեղի ունեցաւ Կրանտ Գաֆէի մէջ ժողովրդական հանդիման մը ընթացքին Ապտ Ալ-Րահման Պնտըքժիի հրաւէրով, ներկայութեամբ մայրաքաղաքէն հոծ բազմութեան եւ անուանի դէմքերու: Այն ըսաւ՝ «երբ մարդ Ձեր մէջ կանգնած է եւ կը զգայ այսքան սէր, այդ տպաւորութիւնը կ'ունենայ, որ Ռաֆիք Հարիրին մինչեւ օրս ողջ է եւ մեր մէջն է: Շատ մարդիկ փորձեցին կասկածի տակ դնել Մուսթաքպալ հոսանքը եւ Սաատ Հարիրին, սակայն սա է Սաատ Հարինին եւ ասոնք են Սաատ Հարիրիի երկրպագուները:»
Հարիրի խօսքը աւարտեց ըսելով՝ «Պէյրութը Լիբանանի եւ Արաբական աշխարհի գանձն է եւ մենք Աստուծոյ կամքով պիտի վերադարձնենք իր անցեալի փառքը: Մենք այս գործընթացը սկսանք եւ շարունակեցինք Փարիզի մէջ, եւ Պէյրութն ու իր ժողովուրդը մեծ բաժին պիտի ունենայ «Սետըր» խորհրդաժողովի ծրագիրներէն:»
Հարիրին նախապէս այցելած էր Այիշա Պաքարի իսլամական կեդրոնը, ուր անակնկալ մատուցած էր ներկաներուն իր ժամանումով, մասնակցելով կեդրոնի կազմակերպած տօնակատարութեան մը նուիրուած ընկերային յանձնախումբին արձանագրուած մայրերուն: Այնտեղ իրեն ընդունած էին ծափողջոյններով եւ աջակցութեան կանչերով:
Հարիրին ըսած էր «ես այսօր կը տեսնեմ ինչ իրագործած են երիտասարդ կանայք եւ շատ ուրախանալի է տեսնել այս չափաւորութիւնը իսլամական կեդրոնէն ներս: Այս ձեւով մենք կը նայինք հաւատքին, եւ կը մտածենք, որ այս է իսլամի իսկական պատկերը, եւ ոչ թէ այդ նկարը, որ կարգ մը մարդիկ կ'ուզեն ենթադրել իբրեւ ծայրահեղական խումբ: Մենք չափաւորական ենք, կը հաւատանք Աստոծոյ, կենասէր ենք եւ այս ամէնը ստացած ենք նահատակ Ռաֆիք Հարիրիէն:»
Ան աւելցուցած էր՝ «մայրը ամէն ինչ է կեանքին մէջ, եւ ես կ'ողջունեմ Պէյրութի եւ այս սիրելի շրջանի բոլոր մայրերը, այս շրջանը, որ միշտ սիրեր է նահատակ վարչապետին եւ մենք նոյն ուղղիով կը շարունակենք:»
Վարչապետ Հարիրին խոստացաւ իսլամական կեդրոնի նախագահի խնդրանքը կատարել եւ հողամասի սեփականութիւնը իրենց փոխանցել հնարաւորինս արագ: