Սուրիոյ տագնապին առընթեր իր ծայրայեղ եւ կողմնակալ կեցուածքներով յայտնի «Ալ Ճազիրա» կայանի լրագրող Հարէս Ապտըլ Հաք, իր Ֆէյսպուքեան էջով պահանջած է ետ վերցնել հալէպահայերու սուրիական հպատակութիւնը: Լրագրողը նաեւ ըսած է, որ այդ մէկը պէտք է կատարուի Սուրիոյ իշխանութիւններուն պարտութիւնէն ետք: Նշենք, որ Ապտըլ Հաքի այս «տեսութիւն»ը լոյս տեսած է «Ալ Քուտս» կայքին մէջ եւ լուրին հեղինակը կայքի Թուրքիոյ «Կազի Այնթապ» նահանգի թղթակից է: