image
Հրատապ լուրեր:

Հարաւային Քորէայի սահմանադրական դատարանը պաշտօնանկ ըրած է երկրի նախագահը

Հարաւային Քորէայի սահմանադրական դատարանը պաշտօնանկ ըրած է երկրի նախագահը

Հարաւային Քորէայի սահմանադրական դատարանը հաստատած է նախագահ Պակ Կըն Հէին պաշտօնանկ ընելու գործընթացը՝ մեծ կաշառակերութեան գայթակղութեան պատճառով անոր հեռացնելով ղեկավարի պաշտօնէն: Ինչպէս հաղորդած է «Reuters»-ը, երկրի սահմանադրութեան համաձայն՝ նոր նախագահական ընտրութիւնները պիտի կայանան 60 օր ետք:

 

«Մենք Պակ Կըն Հէին կը հեռացնենք պաշտօնէն, քանի որ անոր գործողութիւնները դաւաճանած են ժողովուրդի վստահութիւնը: Անոր գործերը օրէնքի կոպիտ խախտումներ են, որոնք կարելի չէ հանդուրժել»,-յայտարարած է Սահմանադրական դատարանի նախագահը:

«Reuters»-ը կը մանրամասնէ, որ 65-ամեայ Պակ Կըն Հէն իր մտերիմ ընկերուհիին հետ ստիպած է մեծ ընկերութիւններուն՝ այդ շարքին նաեւ Samsung-ին, մեծ գումարներ փոխանցել իրենց հիմնած հիմնադրամներուն: Բացի այդ, նախագահը կը մեղադրուի Samsung Group-ի ղեկավարէն կաշառք վերցնելու ու անոր դիմաց ընկերութեան լայն արտօնութիւններ տրամադրելու համար:


Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ՝ 9 դեկտեմբերին, Հարաւային Քորէայի խորհրդարանը կողմ քուէարկած էր նախագահի պաշտօնանկութեան գործընթացը սկսելուն, ինչի հետեւանքով երկրի մէջ ներքաղաքական ճգնաժամ սկսած էր: