Երեւանի մէջ մեծ յաջողութեամբ կայացաւ Անի Սարաֆեան- Եփրեմեանի «Իմ Երազը» ասմունքի երեկոն
«Անասելի զգացողութիւն է ապրիլ Սփիւռքի մէջ, եւ ըլլալով հայ խօսքի եւ մշակոյթի հաւատաւոր, տարածել զայն զանազան երկիրներու մէջ եւ ապրիլ սիրտի տրոփիւնով եւ սպասումով, որ գեղեցիկ օր մը հայրենեաց բէմէն ալ կը հնչեն հայ գրականութեան անմահ գոհարները: Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան ապրած է ճիշդ այդ զգացումով եւ այսօր իրականութիւն կը դառնայ իր երազը»,-այսպէս սկսաւ հանդիսավարն իր խօսքը 28 յուլիսին Երեւանի «Առնօ Պապաճանեան» համերգասրահին մէջ Անի Սարաֆեան- Եփրեմեանի «Իմ երազը»խորագրեալ ասմունքի երեկոյի բացմանը: «Իմ երազը» ձեռնարկին հաւաքուած էին հայ քերթողութեան սիրահարներ, ինչպէս հայաստանցի, այնպէս ալ այս օրերուն Երեւան գտնուող սփիւռքահայ արուեստասէրներ: Հանդիսավարը ներկայացուց նաեւ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանին, իբրեւ լիբանանահայ հասարակական, ազգային կառոյցներու մէջ աշխուժօրէն ներգրաւուած գործիչ մը՝ «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն, «Նորսերունդ» մշակութային միութեան ատենապետ որ նաեւ իր ասմունքելու վարպետութեամբ ճանչցուած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ: Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանի «Իմ երազը» ասմունքի երեկոն Երեւանի մէջ կազմակերպած էին ՀՀ սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններն ու Լիբանանի մէջ ՀայաստանիՀանրապետութեան դեսպանութիւնը:
Երեկոյին ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, լիբանանահայ նախկին երեսփոխան Եղիկ Ճերեճեան, Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօսներ, ուսանողներ, մամուլի ներկայացուցիչներ, պարզապէս հայ գրականութեան եւ քերթողութեան սիրահարներ, որոնք մեկուկէս ժամ տարուած ունկնդրեցին Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանի հոգեզմայլ ասմունքը:
Մինչ Անի Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանի ելոյթը, անոր գործունէութիւնը ներկայացուց թատերագէտ Անի Թորանեան: Ան նշեց, որ երեկոն Սփիւռքի եւ Մշակոյթի նախարարութիւններու կազմակերպած Ասմունքի համահայկական փառատօնի առաջին ձեռնարկն է, եւ հաճելի է, որ մեր ժողովուրդը, համացանցի այսօրուայ զարգացումներուն հետ քայլ պահելով հանդերձ, կը պահէ նաեւ պաշտամունքի հասնող սէրը՝ հայ գրականութեան, քերթողութեան հանդէպ: «Հայաստանի մէջ այս արուեստն ունի իր ամուր հիմքերը, եւ իրենց խօսքի վարպետութեամբ փայլող բազմաթիւ ասմունքողներ տուած ենք մենք: Նոյնը ցաւոք չենք կրնար ըսել Սփիւռքի մասին, ուր բոլորիս յայտնի պատճառներով ասմունքն ու ասմունքնելը, ինչպէս նաեւ՝ պատրաստուած ունկնդիր ունենալը ճոխութիւն կարելի է համարել: Կան նաեւ ուրախալի բացառութիւններ, որոնց դասին կը պատկանի լիբանանահայ յայտնի ասմունքող Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանը: Հարուստ է Անիի կենսագրութիւնը եւ այն դերակատարումը, որ ան ունի Սփիւռքի մշակութային եւ հասարակական կեանքէն ներս: Ան բազում եւ չմաշող թելերով կապուած է հայ բանաստեղծութեան եւ մեր քերթողութեան շքեղ տողերը կը հնչեցնէ ոչ միայն իր ծննդավայր Պէյրութի լեփ-լեցուն դահլիճներուն մէջ, այլեւ Միջին Արեւելքի, ԱՄՆ-ի Քանատայի բազմաթիւ գաղթօճախներու մէջ, ուր հայ հանդիսականը միշտ ալ ծափողջոյներով կը գնահատէ»,- ասմունքողի մասին իր խօսքին մէջ ըսաւ Անի Թորանեան, նշելով, որ հայրենիքէն զատ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանի ասմունքը օրեր յետոյ պիտի հնչէ նաեւ հերոսական Արցախին մէջ:
«Իմ երազը» խորագիրով երեկոյին ընթացքին լիբանանահայ ասմունքող Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանը հանդէս եկաւ հայրենասիրական, քնարական բանաստեղծութիւններով՝ սիրոյ, կարօտի, պանդխտութեան, հայրենիքի, մարդկային յարաբերութիւններու եւ առհասարակ, կեանքի մասին հայրենի եւ սփիւռքահայ գրողներու նշանաւոր գործերէն ասմունքելով տասնեակ բանաստեղծութիւններ եւ արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու: Ասմունքողին կ’ընկերակցէր հայաստանեան «Նոր անուններ» համոյթը՝ Ծովինար Յովհաննիսեանի ղեկավարութեամբ եւ ասմունքն ու մեղմ երաժշտութիւնը հետաքրքրական համադրութիւն մը ստեղծեցին բեմին վրայ:
Անի Սարաֆեան- Եփրեմեան մեծ վարպետութեամբ հանդիսականին ներկայացուց ընտրանի մը մեր երախտարժան բանաստեղծներու ՝ Պարոյր Սեւակի, Գառնիկ Ադդարեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Գէորգ Էմինի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Հէնրիկ Էտոյեանի ճանչցուած ու գնահատուած գործերէն: Ան խորագոյն ապրումով ասմունքեց յատկապէս Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» գործը, որ արժանացաւ ներկաներու բարձր գնահատանքին:
Ներկայացուած իւրաքանչիւր գործին հետ Անի Սարաֆեան- Եփրեմեանը կը ներկայանար նոր շեշտադրումներով, նոր ոգիով եւ նոր վայելչութեամբ: Իւրաքանչիւր գործին հետ դառնալով շաղկապողը, եւ հանդիսականը կապելով հայոց դարաւար բառի ու բանի մեծ խորհուրդներուն:
Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի եւ մշակոյթինախարարութիւններուն եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան՝ գործունաջակցութեան եւ հանդիսատեսին` ջերմութեան եւ սիրոյ համար, ըսելով, որ ամէն մարդ երազ մը ունի իրականացնելու եւ ահաւասիկ, ինքն ալ կրցաւ իրականացնել իր երազը: «Այնքան ատեն, որ հայրենիքի մէջ եմ եւ հայրենի հողին վրայ եմ, ես ինքզինքս շատ զօրաւոր կը զգամ»,-ըսաւ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան:
Ա. Թ.
«Արարատ» /Պէյրութ