Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը անդրադարձած է ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր հռչակելու մասին Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութեան: Նիկոլ Փաշինեանը «Թուիթըր»-ի իր էջին գրառում կատարած է, որուն մէջ ողջունած է Ֆրանսայի նախագահի յայտարարութիւնը՝ ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր յայտարարելու մասին:
«Դա համերաշխութեան եւ մարդու իրաւունքները պաշտպանելու ու զանգուածային վայրագութիւնները կանխելու վճռականութեան հզօր դրսեւորում է»,- գրած է Փաշինեան: