Երէկ՝ 15 ապրիլի ուշ գիշերը դարձեալ հրթիռակոծման ենթարկուած է Հալէպի Նոր Գիւղ թաղամասը: Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ կը փոխանցէ, որ զինեալ խմբաւորումներու կողմէ խաղաղ քաղաքացիներու բնակավայրերուն վրայ եղած յարձակման արդիւնքով արձանագրուած են 4 մարդկային զոհեր (ոչ հայ), ինչպէս նաեւ քանդուած է բնակելի շէնքի մը վերի երկու յարկերը:
Յիշեցնենք, որ ապրիլ 14-ին նոյնպէս ծանր հրթիռակոծման թիրախ դարձած էին Հալէպի զանազան հայաբնակ շրջաններ եւ արձանագրուած էին զոհեր եւ վիրաւորներ: