Երէկ` կիրակի 17 ապրիլ 2016-ին Հալէպի մէջ ընտրուած է «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութեան նորակազմ վարչութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդուի, նշեալ թուականին կայացած պետական Ընդհանուր Անդամական ժողովի ընթացքին, միութեան նախորդ վարչութեան նստաշրջանի գործունէութեան մասին նիւթաբարոյական տեղեկագիրի ընթերցումէ ետք, պետական մարմիններու ներկայութեամբ եւ անդամներու մեծամասնութեան քուէարկութեամբ, տեղի ունեցած էր նոր վարչութեան ընտրութիւնը, որուն մաս կազմած են եօթ միութեանականներ՝ Շահէ Մինասեան, Աբրահամ Զուպրիկեան, Սիրան Զգուշեան, Վահէ Տագէսեան, Յովսէփ Օհանեան, Ֆիլիփ Յարութիւնեան եւ Սարգիս Գազանճեան:
