image

Հալէպի Մէջ Այսօր Տեղի Ունեցան Ազգային Երեսփոխանական Ընտրութիւններ (Լուսանկարներ)

Հալէպի   Մէջ  Այսօր Տեղի Ունեցան Ազգային   Երեսփոխանական Ընտրութիւններ (Լուսանկարներ)

Հալէպահայութիւնը  այսօր մասնակից դարձաւ  Բերիոյ Թեմի    Ազգային Իշխանութեան  Երեսփոխանական Ժողովի  լրացուցիչ ընտրութիւններուն: Այս մասին   տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Արեւելք»ի  Հալէպի թղթակից Ժիրայր Կարապետեան: Մեր թղթակիցը նաեւ հաղորդեց, որ առաւօտեան ժամերէն     մեծ թիւով հալէպահայեր մասնակցութիւն բերած եւ քուէարկած են   Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ    եւ Սուրբ Աստուածածին    եղեղեցիներու մէջ:  Ըստ մեր թղթակիցին  այսօրաուն  ընտրութեանց իրենց թեկնածուութիւնը    դրած են    ազգայիններ Սարգիս Կիրակոսեան, Հայկազ Ասատուրեան, Յարութ Քիլէսեան, Մանուէլ Տէր Մանուէլեան,  Սիւմպիւլ Սիւմպիլեան Տօքթ. Ներսէս Սարգիսեան,  Յովսէփ Գասպարեան  եւ  Ռաֆֆի Աւետիսեան: Կը նշուի նաեւ, որ Հալէպի     Ազգային Իշխանութեանց   երեսփոխանական  ժողովը կը  բաղկանայ 30   երեսփոխաններէ, եւ այսօրուան ընտրութիւնները  կը համարուին լրացուցիչ  ընտրութիւններ:  Ըստ Կարապետեանի, Հալէպի  հայկական շրջանները   այսօր եղած են խաղաղ   հունի մը  մէջ եւ ապահովական որեւէ միջադէպ չէ գրանցուած: