Հալէպահայութիւնը այսօր մասնակից դարձաւ Բերիոյ Թեմի Ազգային Իշխանութեան Երեսփոխանական Ժողովի լրացուցիչ ընտրութիւններուն: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Արեւելք»ի Հալէպի թղթակից Ժիրայր Կարապետեան: Մեր թղթակիցը նաեւ հաղորդեց, որ առաւօտեան ժամերէն մեծ թիւով հալէպահայեր մասնակցութիւն բերած եւ քուէարկած են Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Սուրբ Աստուածածին եղեղեցիներու մէջ: Ըստ մեր թղթակիցին այսօրաուն ընտրութեանց իրենց թեկնածուութիւնը դրած են ազգայիններ Սարգիս Կիրակոսեան, Հայկազ Ասատուրեան, Յարութ Քիլէսեան, Մանուէլ Տէր Մանուէլեան, Սիւմպիւլ Սիւմպիլեան Տօքթ. Ներսէս Սարգիսեան, Յովսէփ Գասպարեան եւ Ռաֆֆի Աւետիսեան: Կը նշուի նաեւ, որ Հալէպի Ազգային Իշխանութեանց երեսփոխանական ժողովը կը բաղկանայ 30 երեսփոխաններէ, եւ այսօրուան ընտրութիւնները կը համարուին լրացուցիչ ընտրութիւններ: Ըստ Կարապետեանի, Հալէպի հայկական շրջանները այսօր եղած են խաղաղ հունի մը մէջ եւ ապահովական որեւէ միջադէպ չէ գրանցուած:



