Հինգ տարիէ ի վեր իր մագիլներով անմեղ բնակչութիւնը խոցող պատերազմը վերածուած է ուղեկորոյս ուրուականի մը: Քաղաքացի՝ տարեցը, երիտասարդն ու մանուկը, թաղամասերը՝ արաբական, հայկական եւ բոլոր քաղաքը, բոլորին ճակատագիրը մէկ եղաւ, ծրագրուած քանդում եւ փլուզում:
Մարդկային զոհերու օրէ օր բարձրացող թիւին զուգահեռ, կը բարձրանայ նաեւ Հալէպի մշակութային եւ հոգեւոր «պարիսպներ»ու կործանումը:
Հայ եկեղեցիները եւս իրենց բաժինը «ունեցան» բարբարոսական պատերազմի խայթոցէն: Սկսելով հայահոծ Նոր գիւղ շրջանէն, ուր կը գտնուի հայ կեդրոններէն մեծ մասը՝ հոգեւոր, մշակութային եւ կրթական կառոյցները:
Հայկական եկեղեցիները իրենց կարգին կրեցին ահագոր վնասներ: Վնասուած հայկական եկեղեցիներն են՝
- Հայ Կաթողիկէ Ս. Վարդանանք Եկեղեցի եւ դպրեվանք, Նոր գիւղ . Եկեղեցին հակամարտութիւններու ճակատ դառնալուն պատճառով, ամբողջովին փլուզումի ենթարկուեցաւ:
- Հայ Առաքելական Ս. Գէորգ (նախապէս Ս. Խաչ) Եկեղեցի եւ կից Մարաշի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանը, Սուլայման Ալ Հալապի, եւս ճակատ հանդիսացաւ զինեալ ահաբեկիչներու եւ օրինական բանակի մէջ կատարուող մարտերուն: Զինեալները նախքան անձնատուր ըլլալնին եկեղեցին ամբողջովին այրեցին:
- Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցի, Ճտէյտէ: Աւելի քան չորս հարիւր տարուայ պատմութիւն ունեցող եկեղեցին, որ մեծ փաստ է հայ համայնքի գոյութեան Հալէպի մէջ նախքան մեծ եղեռնը, զերծ չմնաց ահաբեկիչներու բարբարոսութենէն: Հին Հալէպի փողոցներուն մէջ կեդրոնացած հայ եկեղեցին այժմ լոկ փլատակներու կոյտ մըն է, սակայն բարեբախտաբար հոն գտնուած Կիլիկիան շրջանէ եկած հնութիւնները տեղափոխուած են:
- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի, Նոր գիւղ: Նոր գիւղ թաղամասի հայութիւն տրոփող կառոյցներէն հիմնական պարիսպն էր Ս. Գրիգոր եկեղեցին: Ըստ ականատես վկաներու, եկեղեցին Աստուածային նախախնամութեամբ փրկուած էր ահաբեկչական մեծ յարձակումէ մը: Եկեղեցին թիրախ դարձնելը կը շարունակուի մինչեւ այսօրս «չափաւոր» նկատուած ընդդիմութեան կողմէ: Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակուի մարդասիրական օժանդակութիւններու բաշխումով եւ կրօնական արարողութիւններով:
-Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի, Նոր գիւղ: Նոր գիւղ թաղամասի կեդրոնը գտնուող Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին որոշ չափով աւելի ապահով վիճակի մէջ էր, քան՝ միւսները: Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ անդորրութիւնը երկար չտեւեց: Յուլիս ամսուն եկեղեցին ուղղակիօրէն թիրախ դարձաւ ահաբեկիչներու կողմէ: Հրթիռակոծումէն շաբաթներ վերջ եկեղեցւոյ պատկան մարմինները արդէն վերականգնումի աշխատանքները ի գործ դրին եւ այսօր եկեղեցին կը գործէ: Ինչպէս նաեւ յարակից դպրոցը:
-Հայ Կաթողիկէ Ս. Ռիթա Մայր Տաճար, Թիլէլ: Սուրիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի աթոռանիստ եկեղեցին իր կարգին ծանր վնասներ կրող կառոյցներէն եղաւ, ինչի պատճառով եկեղեցւոյ գործունէութիւնը ընդհատուած է մինչեւ այս օրս: Եկեղեցւոյ յարակից առաջնորդարանը, նոյնպէս հրթիռակոծման ենթարկուեցաւ:
-Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցի, Մուշիէ: Դիմանալով, իր շուրջը տիրած ապահովական թերի պայմաններուն, եկեղեցին կը բանար իր դռները մեծ թիւով հաւատացեալներու դիմաց: Եկաւ օրը, որ եկեղեցին հրթիռարձակումի իր բաժինը կրեց: Սակայն շուտով վերականգնուեցաւ համայնքի ճիգերով:
Լոկ թիւ եւ անուններ չեն վերոյիշեալ եկեղեցիները, ո՛չ ալ քարեղէն կառոյցներ: Որպէս փոքրամասնութիւն մեծ եւ ահաւոր կորուստ են պատահածները, համայն հայութեան համար:
Աւերը, կործանումը եւ փլուզումները ուղղուած են բոլոր համայնքներուն: Հայկական եկեղեցիները միայն մէկ քառորդը կը կազմեն Հալէպի ընդհանուր եկեղեցիներուն, որոնք ուղակիօրէն բարբարոսութեան թիրախը դարձան: Նկատի ունենալով Հալէպի ոչ հայկական եկեղեցիներու կրած վնասները՝ թիւը կը բարձրանայ, որուն հետ կը սաստկանայ նաեւ փոքրամասնութիւն կազմող ժողովուրդի տագնապն ու ապրած արհաւիրքը:
Նիւթը ՝ Յովիկ Շէհիրեանի