Հալէպի հայկական թաղամասերու վիճակը այսօր երեկոյեան ժամը 20:00-ի դրութեամբ հանդարտ եւ կայուն էր: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի, իր աղբիւրէն,որ նաեւ նշեց, թէ քաղաքի ծայրամասային հատուածներու ճակատներուն վրայ ծանր մարտեր կը շարունակուին մղուիլ: Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ հրթիռներու եւ ռումբերու ձայները կը շարունակուին լսուիլ հայկական թաղամասերուն մէջ: Աւելի վաղ փոխանցած էինք, Հալէպի տարբեր թաղամասերու հրթիռարձակման ենթարկուած ըլլալուն մասին լուրը: Ըստ մեր աղբիւրին հրթիռարձակումներու ենթարկուած էին Ճամիլիէ, Իսմաիլիէ թաղամասերու եւ անոնց մօտակայ շրջանները պատճառելով՝ 4 զոհեր եւ 17 վիրաւոր: Զոհուածներէն երկուքը երեխաներ են: Հրթիռներէն մէկը հրդեհ առաջացուցած էր հայաշատ Սուլէյմանիէ թաղամասի շէնքերէն մէկուն տանիքը:
Զոհուածներու շարքին եղած է Հալէպի համալսարանական հիւանդանոցի վարչական տնօրէն Նասէն Հաժժարը: