image

Հալէպի ապահովական իրավիճակը՝ մտահոգիչ

Հալէպի ապահովական իրավիճակը՝ մտահոգիչ

Հալէպ- («Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ»- Լոնտոն)- Երէկ, օդային յարձակումներու թէժացման երրորդ օրը մտնելով, Հալէպի եւ անոր շրջակայքի մէջ անվտանգութեան իրավիճակը վատթարացած է, ուր ռէժիմի ուժերու եւ ընդդիմադիր զինեալներու միջեւ եղած փոխադարձ կրակոցներուն հետեւանքով սպաննուած են աւելի քան 14 անձեր: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Շարք Ալ- Աուսաթ»ը, նշելով, որ ռազմական օդուժի յարձակումները միաժամանակ շարունակուած են նաեւ Դամասկոսի արուարձանի շրջանին, ինչը «Ալ-Աուսաթ»ի համաձայն, ընդդիմութեան ղեկավարները դիտած են որպէս ռէժիմի կողմէ «զիրենք հրադադարի խախտման մղող ձգտում»: 

Աղբիւրի համաձայն, ռէժիմի յարձակումները ընդարձակած են ընդգրկելով Հին Հալէպի Ալ-Շաար,  Քարլէք, Ալ-Սալհին եւ Ալ-Սուքարի թաղամասերը, ինչպէս նաեւ ռազմական օդուժը թիրախաւորած էր հարաւային Հալէպի կողմը գտնուող Ալ-Ռաշիտին շրջանը, Ալ-Մանսուրան, Լրագրողներու միութիւնը եւ գիտական հետազօտութիւններու կեդրոնը, որոնց ուղղութեամբ արձակուած են պայթուցիկ տակառներ եւ տարբեր տեսակի հրթիռներ:

Իր հերթին Հալէպի գործողութիւններու սենեակը, որուն մաս կը կազմեն ազատ բանակը խմբաւորումներէն «Իսլամական բանակը», «Ահրար Ալ-Շամը» եւ «Ալ-Շամ ջոկատը», յայտարարութիւն մը հրապարակած են, ուր ռէժիմի հսկողութեան տակ գտնուող տարածքները հարուածելու 24 ժամուան ժամկէտ տուած են, եթէ չդադրեցուի իրենց վրայ գործուող յարձակումները, եւ այդ ժամկէտը իր աւարտին հասած էր երէկ գիշեր:

Կը նշուի նաեւ, որ սուրիական ռազմական օդանաւներու յարձակման հետեւանքով հինգ քաղաքացիներ մահացած են Ալ-Սախուր թաղամասի շուկային մէջ, մինչ ուրիշ՝ երկու մը սպանուած Ալ-Շաարի եւ երրորդ մը՝ Աթարէպի մէջ, ինչպէս նաեւ արձանագրուած են մեծ թիւով վիրաւորներ: