Լաթաքիան կը նկատուի Սուրիոյ հինգերորդ մեծ քաղաքը` Դամասկոսէն, Հալէպէն, Հոմսէն եւ Համայէն ետք: Սուրիոյ պատերազմն իր ազդեցութիւնը ունեցած է նաեւ նաւահանգստային այս շէն քաղաքի վրայ, ուր բազմաթիւ հայեր կը բնակին: Լաթաքիոյ մէջ տիրող ներկայ իրավիճակի մասին տեղեկանալու համար «Արեւելք» կապ հաստատեց Լաթաքիոյ հայկական համայնքի անդամներէն Անի Արզումանեանի հետ: Մեր զրուցակիցը մասնաւորապես ըսաւ.
«Լաթաքիոյ մէջ ապահովական վիճակը շատ անկայուն է, սակայն համեմատաբար Հալէպի եւ Դամասկոսի, Լաթաքիա բարւոք վիճակ մը կը սեպուի: Անկայունութիւնը պայմանաւորուած է անակնկալ ռմբակոծումներու հետ, նոյնիսկ քաղաքի հոծ շրջաններուն մէջ տեղի կ'ունենան ռմբակոծումները, որու հետեւանքով վերջերս զոհերու թիւը բարձրացած է: Վերջերս համալսարանի ճամբուն տեղի ունեցած պայթումին զոհ գացին մեծ թիւով երիտասարդութիւն, այս առումով է, որ անկայուն վիճակ բնորոշումը կը տրուի:
Միւս կողմէն, քաղաքը խճողուած է բնակչութեամբ, որովհետեւ համեմատաբար աւելի վտանգաւոր շրջաններէն` Ռաքքայէն, Հալէպէն, Քէսապէն եւ Հոմսէն մեծ թիւով քաղաքացիներ ապաստան գտած են Լաթաքիոյ եւ Թարթուսի մէջ: Բնակչութեան թիւի բարձրացումով պայմանաւորուած, կը ծանրանայ նաեւ տագնապը՝ լոյսի եւ ջուրի, նոյնիսկ` սննդամթերքի: Սուրիոյ միւս քաղաքներուն համեմատած Լաթաքիոյ մէջ ահաւոր սղութիւն կը տիրէ, որովհետեւ բնակչութեան թիւը դարձած է շատ աւելի, քան քաղաքը կը շալկէ :
Համեմատելով պատերազմի առաջին տարուան հետ, այսօր մարդահոծ են ճամբաները՝ բանուկ, աշխոյժ երթեւեկով, որովհետեւ որոշ չափով սովորական դարձաւ տագնապալի վիճակը եւ մարդիկ սորվեցան իրենց վախը յաղթահարելու միջոցները, եթէ նախապէս ռմբակոծումի պատճառով մարդիկ իրենց տուները կը բանտարկուէին, հիմա արդէն քանի ժամ պարպուելէն ետք ճամբաները, ժողովուրդը իր բնկանոն կեանքին կ'անցնի»:
Անի Արզումանեան խօսեցաւ նաեւ Լաթաքիոյ հայկական համայնքի մասին: Լաթաքիան աւանդական հայկական համայնք ունի, որ ծանօթ է իբրեւ հայաշունչ եւ հայկական աւանդոյթներուն կառչած համայնք մը:
Մեր զրուցակիցը նշեց, որ մեծ թիւով հայութիւն նոյնպէս եկած եւ ապաստան գտած է Լաթաքիոյ մէջ, յատկապէս Հալէպի, Քէսապի եւ Ռաքքայի համայնքներէն: Ան նշեց, որ վերջերս նոյնիսկ Հայաստան եւ Պէյրութ հաստատուած սուրիահայ ընտանիքներ, չդիմանալով այդ երկիրներու սղութեան, նախընտրած են գալ եւ Լաթաքիա հաստատաուիլ :
Լաթաքիոյ մէջ հայութեան ընդհանուր թիւին մասին խօսելով` Անի Արզումանեան ըսաւ. «Թիւը կայուն չէ, միշտ փոփոխութիւն կայ, մարդիկ կ'երթան եւ անոնց փոխարէն ուրիշներ կու գան, բայց կարելի է ըսել, որ ըստ Տէր հօր ծխացանկին, Լաթաքիոյ մէջ արձանագրուած են 900 հայ ընտանիք, մինչ նախքան պատերազմը Լաթաքիոյ մէջ հայ բնակչութեան թիւը 450 ընտանիք էր, կրնանք ըսել, որ հայութեան թիւը կրկնապատկուած է»:
Անդրադառնալով հայ բնակչութեան նիւթապէս տկար ընտանիքներու գոյութեան` ան նշեց, որ հայութեան մէջ ալ չքաւոր պարագաներ կան, որոնք սկզբնական շրջանին շտապ օգնութեան մարմնի կողմէ որոշ օժանդակութիւն կը ստանային, սակայն այսօր օգնութիւններ չեն հասնին: «Աղքատութեան եզրին հասած հայ ընտանիքի անդամները իրենց ապրուստը հոգալու համար կը վստահին իրենց աշխատուժին, սակայն անտանելի սղութիւնը առիթ չի տար եւ անոնք հազիւ իրենց օրուայ սնունդը ապահովել կը յաջողին: Ազգային կառոյցներէն ներս հայութիւն չէ ապաստանած, անոնք տուներ վարձակալած են»,-ըսաւ Անի Արզումանեան, նշելով, որ այս օրերուն ժողովուրդի թիւի աճով պայմաւորուած շահագործման տոկոսը բարձրացած է վարձատուներու կողմէ:
«Հայութիւնը ձեռք ձեռքի տուած կապրի միասնական կեանքով: Լաթաքիոյ մէջ կը գործեն 2 միութիւններ՝ ՀԲԸՄ եւ Սուրիոյ Օգնութեան Խաչ միութիւնը, որուն ենթակայ է նաեւ ՀՄԸՄ-ը: Երկու միութիւնները նոյն թաղամասին մէջ կը գտնուին, իրար հարեւանութեամբ: Պատերազմի առաջին օրերուն անոնք սառած վիճակի մէջ կը գտնուէին, շատ դանդաղ էր աշխատանքը, սակայն այսօր աշխուժացած է միութենական կեանքը, դարձեալ ձեռնարկներ կը կազմակերպուին եւ ծրագիրներ կ'իրականացուին, յատկապէս ռուսական զօրքի օժանդակութեան հետեւանքով Լաթաքիոյ մէջ, որու շնորհիւ հոգեպէս հանգստացաւ ժողովուրդը եւ յոյսով ներշնչուեցաւ:
Առօրէական տագնապները շատ են, լոյս օրական 4 ժամ ունինք, համացանցը տկար է, ջուրը գիշերը միայն կու գայ, անկայուն ժամերու, սակայն դեռ դպրոցը կը գործէ, ուսուցիչները կը յաճախեն, միութիւնները վերադարձած են իրենց բնականոն կեանքին, որովհետեւ ժողովուրդը կարիք ունի: Ան նշեց, որ համայնքը կը շարունակէ իր աւանդութիւնները նշել եւ վերջերս կազմակերպած է Ս. Աստուածածնայ տօնին նուիրուած մատաղօրհնէքը, որուն ներկայ գտնուած է Սրբազան հայրը եւ իր ներկայութեամբ յուսադրած ու գօտէպնդած է կրկնապատկուած հայ համայնքը»,-նշեց մեր զրուցակիցը:
Դպրոցի մասին խօսելով` մեր զրուցակիցը ուրախութեամբ յայտնեց, որ թերեւս Լաթաքիոյ մէջ հայկական վարժարանը միակ դպրոցն է, որու աշակերտութեան թիւը նուազելու փոխարեն, աճ արձանագրած է: «Աշակերտութեան թիւի աճը պայմանաւորուած է անշուշտ Լաթաքիա ապաստանած այլ հայ գաղութներու բնակչութեան թիւով: Ան նշեց, որ նախկին հազիւ 300 աշակերտութիւն հաշուող Լաթաքիոյ հայկական վարժարանը այսօր ունի 433 աշակերտներ: վարժարանը կը բաղկանայ մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգ բաժիններէ, այնտեղ կը պաշտօնավարեն մօտաւոր 30 ուսուցիչներ եւ դասաւանդութիւնը բնականոն հունի մէջ է»,-ըսաւ մեր զրուցակիցը:
Լուսանկարը` Լաթաքիոյ մէջ օրերս Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած մատաղօրհնէքէն դրուագ մը, որուն նախագահակած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը: