Թուրքիա- («Ալ Քուտս»-Լոնտոն)Գերմանիոյ Պաշտպանութեան Նախարար Ուրսուլա Վոնտէր Լեյէն Չորեքշաբթի օր յայտարարած է, թէ կը ծրագրէ այսօր՝ Ուրբաթ օր պաշտօնական այցով մեկնիլ Թուրքիոյ Ինճիրլիքի օդուժի խարիսխը, 250 գերմանացի օդայիններուն այցելելու նպատակով, կը յայտնէ Al Quds պարբերաթերթը։ Այս յայտարարութիւնը կը յաջորդէ Թուրքիոյ կողմէ այցելութեան արգելքին վերացումին։ Գերմանիոյ մէջ զինուորական կայաններ իր շրջագայութեան ժամանակ նախարարը նաեւ յայտնած է, որ իր թուրք պաշտօնակիցին յղած է ցաւակցութիւններ՝ Իսթանպուլի «Աթաթուրք» օդակայանին պայթումին զոհերուն համար։ Յիշեցնենք, որ պայթումին հետեւանքով զոհուած էր 41 հոգի, իսկ վիրաւորուած՝ 239 հոգի։ Վոնտէր Լեյէն իր պաշտօնակիցին վստահեցուցած է, որ Գերմանիան պիտի շարունակէ զօրակցիլ Թուրքիոյ՝ Իսլամական Պետութեան դէմ պայքարին։ Նշենք, որ Միացեալ Նահանգները եւ Թուրքիան պայթումը կատարելու մէջ կը մեղադրեն Իսլամական Պետութիւնը։ Թուրքիոյ կողմէ գերմանացի քաղաքական գործիչներու այցը դէպի Հարաւային Թուրքիա խափանելու ճիգերը զայրոյթ յառաջացուցած են Գերմանիոյ Պունտեսթակին մէջ, պատճառ դառնալով, որ անոր անդամները պահանջեն դադրեցնել գերմանացի զինուորներուն Թուրքիոյ մէջ տեղակայումը։