Պերլինի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Քէմալ Այտըն կանչուած է Գերմանիոյ ԱԳՆ՝ գերմանական «Die Welt» պարբերականի թուրք թղթակից Տէնիզ Եուճէլի՝ Թուրքիոյ մէջ կալանաւորման հետ կապուած զգուշացում տալու նպատակով:
Ինչպէս կը յայտնէ թրքական «diken.com.tr» կայքը՝ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վալթէր Եոհաննէս Լինտներ Այտընի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է, որ Եուճէլի կալանաւորումը Գերմանիոյ համար անընդունելի է եւ շեշտած է, որ այս դէպքը աւելի կը բարդացնէ արդէն լարուած թուրք-գերմանական յարաբերութիւնները: