Գերմանիոյ իշխանական շրջանակները կը կարծեն, որ Սուրիոյ հարցին վերաբերեալ ռուս-թրքական համաձայնութիւնը սպառնալիք կը ներկայացնէ Արեւմուտքի համար: Ըստ թրքական «Hurriyet» պարբերականի՝ նման կարծիք յայտնած է Գերմանիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Նորպըրթ Ռիոթթկէն:
«Սուրիոյ հարցով Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի համաձայնութիւնը շատ վտանգաւոր զարգացում է եւ այդ մէկը Արեւմուտքի համար դիւանագիտական աղէտ կ'ըլլայ»,-ըսած է Ռիոթթկէն գերմանական «Frankfurter Allgemeine Zeitung» թերթի հետ զրոյցի ժամանակ: Ռիոթթկէն նշած է նաեւ, որ Ասատը արդէն որոշում ընդունող խաղցող չէ եւ դարձած է Ռուսաստանի եւ Իրանի գործիքը:
Իսկ Գերմանիոյ իշխանամէտ «Սոցիալ դեմոկրատական» (SPD) կուսակցութեան Արտաքին յարաբերութիւններու խօսնակ Նիելս Անէնը կարծիք յայտնած է, որ Թուրքիոյ՝ սուրիական ընդդիմադիր ուժերուն չաջակցելու դիմաց, Ռուսաստանը կը հաշտուի Սուրիոյ հիւսիսը Թուրքիոյ ներկայութեան հետ: