image

Գանատահայ Հրաչ Ճապրայեանի Օժանդակութիւնը Կապանցի Հերոսներու Ծնողներուն

Գանատահայ Հրաչ Ճապրայեանի Օժանդակութիւնը Կապանցի Հերոսներու  Ծնողներուն

Կապանի    մէջ գործող գանադական «Դանդի փրիշս մեթալս Կապան»  հիմնարկի տնօրէն  Հրաչ  Ճապրայեան նիւթական  երեւելի օժանդակութիւն կատարած է Արցախի  մէջ  օրեր  առաջ զոհուած   կապանցի  զինուորներու  ծնողներուն: Ճապրայեան այս մասին գրած է իր ֆէյսպուքեան  էջին՝  յայտնելով նաեւ, որ յառաջիկայ  կիրակի  օր  կապանցի նահատակ զինուորներ Նորայրի, Գագիկի եւ Թաթուլի   համար հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի  Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Նշենք, որ յառաջիկայ օրերուն   Ճապրայեան 25 հազար ամերիկեան  տոլարի օժանդակութիւնը  պիտի տրամադրէ կապանցի նահատակ հերոսներու ծնողներուն: