Կապանի մէջ գործող գանադական «Դանդի փրիշս մեթալս Կապան» հիմնարկի տնօրէն Հրաչ Ճապրայեան նիւթական երեւելի օժանդակութիւն կատարած է Արցախի մէջ օրեր առաջ զոհուած կապանցի զինուորներու ծնողներուն: Ճապրայեան այս մասին գրած է իր ֆէյսպուքեան էջին՝ յայտնելով նաեւ, որ յառաջիկայ կիրակի օր կապանցի նահատակ զինուորներ Նորայրի, Գագիկի եւ Թաթուլի համար հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Նշենք, որ յառաջիկայ օրերուն Ճապրայեան 25 հազար ամերիկեան տոլարի օժանդակութիւնը պիտի տրամադրէ կապանցի նահատակ հերոսներու ծնողներուն: