image
Հրատապ լուրեր:

Գանատա եւ Եւրոպա գաղթած հալէպահայերուն մեծ մասը զղջացած է .Արտօ Առաքելեան

Գանատա եւ Եւրոպա գաղթած հալէպահայերուն մեծ մասը զղջացած է .Արտօ Առաքելեան

«Հայաստան գտնուող հալէպահայերը ոգեւորուած են: Անոնցմէ շատերը արդէն քանի մը օրուան ընթացքին կը վերադառնան Հալէպ, իւրաքանչիւրը մեկնած իր համոզումէն»,- «Արեւելք»-ին յայտնեց Արտօ Առաքելեան, աւելցնելով, թէ իրավիճակը բարելաւման ընթացքի մէջ է, մանաւանդ սուրիական բանակի կողմէն կարգ մը շրջաններու ազատագրումէն ետք, որուն հետեւանքով դադրած է հրթիռներու տարափը հայկական թաղամասերուն վրայ:

Ան յայտնեց նաեւ, որ «Փոսթան Փաշա»ի մէջ կալուածներ ունեցողներուն յայտարարուած է սեփականութեան փաստաթուղթեր ներկայացնել, հակառակ անոր որ, ապահովական առումով, տակաւին Վարդանանց դպրոցէն անդին մօտենալը արգիլուած է, մինչեւ շրջանը ամբողջովին մաքրուի ռումբերէն, որովհետեւ թէ՛ բանակը եւ թէ՛ ժողովուրդը կրնան վտանգի հանդիպիլ:

Երեւան հաստատուած Առաքելեան լաւատեսութեամբ նշեց, որ մինչեւ Նոր Տարի կարելի է բաւական դրական նորութիւններ ակնկալել: «Եթէ օդակայանը բացուի, շատեր կը վերադառնան: Թիւերու մասին խօսիլը տակաւին շատ կանուխ է: Անոնք, որոնք տուն ունին կրնան վերադառնալ Հալէպ, ուր Հայաստանի ծանր ձմեռէն խուսափած կ’ըլլան ձեւով մը: Հալէպ, ամէն ինչ ալ կայ՝ վառելանիւթ, ջուր, իսկ հոսանքին հարցն ալ ելեկտրածին շարժիչներով արդէն լուծուած է»:

«Արեւելք»-ի զրուցակիցը յայտնեց, որ Հալէպ ներկայիս հանդարտ է, սակայն 4-5 տարի եւս պէտք է, որպէսզի ամբողջութեամբ մաքրուի: Անդրադառնալով Հալէպի արեւելեան շրջաններէն դուրս եկող գաղթականներու հարցին, նշեց.  «Պէտք է յստակ գիտնալ, թէ արեւելեան շրջաններէն դուրս եկող մարդիկ որո՞նք են, որքանո՞վ կառավարութեան հետ են: Եկող կիներուն ամուսինները կրնա՞ն իրենց միանալ կամ զինեալներուն կողքին պատերազմողներ են»,-նման մտահոգութիւն յայտնեց ան,  աւելցնելով, որ բացարձակապէս մերժելի է այդ գաղթականներուն, հայերուն լքուած տուներուն մէջ ապաստան տալու գաղափարը: «Այդպիսի բան չկայ: Մեր շրջաններուն ո՛չ մէկը կրնայ մօտենալ, ոչ ա՛լ մէկուն դուռը կոտրել եւ տիրանալ տունին»,- ըսաւ ան, շեշտելով, թէ հայկական շրջանները աւելի ապահով պիտի ըլլան:

Անոր կարծիքով, երբ խաղաղութիւնը մշտական ըլլայ, ո՛չ միայն Երեւանէն, այլեւ եւրոպական երկիրներէն ներս, իբր գաղթականներ՝ «չընդունուած» հալէպահայեր, հայկական անձնագիր ունենալու պատճառով, կրնան իրենց տուները վերադարձուիլ:

Առաքելեան իր խօսքը ուղղելով «Արեւելք»-ի հալէպահայ ընթերցողներուն, Երեւան ապրող հալէպահայերուն յորդորեց համբերող ըլլալ, Հայաստան ձգելով օտար երկիրներ չերթալ, որորվհետեւ Հայաստանը ամենամօտն է Սուրիոյ եւ եթէ դուրս ելլեն, դժուար պիտի ըլլայ վերադարձը: «Հայաստանի մէջ գոնէ լեզուի խնդիր չունին: Տարեց մարդիկ իրենց մնացած կեանքը լեզու սորվելով պիտի չանցընեն: Հայաստան մնալէ ետք, Հալէպ վերադառնալու որոշումը իրենց կը մնայ»,- ըսաւ ան, եզրափակելով, որ «Գանատա եւ Եւրոպա դրախտ չեն, շատերը դժգոհ են ու զղջացած, բայց ամչնալնէն կը մնան այնտեղ: Շատեր կը մտածեն քանի մը տարի հոն մնալ, քաղաքացիութիւն ստանալ, որպէսզի ետքը թոշակի տէր դառնան»: