image

Գամիշլիի Զոհերուն Համար Կիրակի Օր Հոգեհանգստեան Պաշտօն Պիտի Կատարուի

Գամիշլիի Զոհերուն Համար  Կիրակի  Օր Հոգեհանգստեան Պաշտօն Պիտի Կատարուի

 Օրեր  առաջ  Գամիշլիի մէջ զոհուած    հայորդիներուն համար հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Հայ Կաթողիկէ  եկեղեցիներուն մէջ: Այս  մասին  «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  Պէյրութի  իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ  հաղորդեց,   որ  վաղը առաւօտեան ժամը  9-ին    հոգեհանգստեան   պաշտօն պիտի կատարուի Գամիշլիի հայ  կաթողիկէ    Սուրբ  Յովսէփ    եկեղեցւոյ մէջ: Հոգեհանգստեան  պաշտօն պիտի կատարուի նաեւ  Պէյրութի  առաջնորդանիստ  Սուրբ Եղիա   եկեղեցւոյ,  ինչպէս նաեւ  Հռոմի, Աթէնքի Մոնթրէալի եւ Լոս Անճելըսի հայ  կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ: Նշենք, որ Տահէշի կողմէ  կատարուած   ահաբեկչութեան հետեւանքով  ինկած էին 16 զոհեր, որոնց   հայեր էին  ՝  Էլի Քասպո, Ապուտ Հաճիքի, Րամի Թարզիպաշի (հայ կաթողիկէ) եւ  Անթուն Եուսէֆ (հայ առաքելական):