image

Գագիկ Ծառուկեանի կալանքի հարցով քննութիւնը յետաձգուեցաւ. այն պիտի կայացուի վաղը առաւօտ ժամը՝ 10:30-ին

Գագիկ Ծառուկեանի կալանքի հարցով քննութիւնը յետաձգուեցաւ. այն պիտի կայացուի վաղը առաւօտ ժամը՝ 10:30-ին

Վայրկեաններ առաջ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Շենգաւիթի նստավայրէն դուրս եկաւ ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը: Այս մասին կը յայտնէ SHANTNEWS.am-ի թղթակիցը:

«Ես կ'ըսեմ, ըսեր եմ ինչ է այսօր երկրի իրավիճակը: Ոչ մէկ խոստում չի կատարուիր երկրին մէջ: Երկիրը անդունդի մէջ է: Բոլորդ ալ գիտէք, բոլորդ ալ կը տեսնէք: Այսօրուայ վիճակը տնտեսական, ընկերային, քաղաքական, Ժողովուրդը սովի պիտի երթայ: Ոչ մէկ լաւ բան կը սպասուի»,- լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Ծառուկեանը:

Գագիկ Ծառուկեանի կալանաւորման հարցի քննութիւնը պիտի շարունակուի վաղը, ժամը 10։30-ին։